ԱՊԱՐԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արագածոտնի մարզի Ապարան քաղաքին մէջ Յունուար 11ին ըմպելի ջուրէն թունաւորուած է 106 հոգի, որոնցմէ 20ը տեղափոխուած են հիւանդանոց, իսկ 86ը բժշկական օգնութիւն ստացած են տան մէջ: Այս մասին յայտնեցին տարածքային կառավարման նախարարութեան փրկարար ծառայութենէն:
Ըստ առողջապահութեան նախարարութեան համաճարակային տեսչութեան հաղորդագրութեան, թունաւորման դէպքերը պատահած են ջուրի ցանցերու արկածի մը հետեւանքով, երբ կոյուղիներու ջուրերը խառնուած են ըմպելի ջուրերուն:
Ձեռնարկուած են համապատասխան հակահամաճարակային միջոցառումները եւ ժահրի տարածման վտանգ չկայ: Կացութեան մօտէն հսկելու համար, շրջան մեկնած է առողջապահութեան նախարար Նորայր Դաւիթեան: