ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Հանրային Ձայնասփիւռ, «Նոյեան տապան».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի մամլոյ քարտուղար Վիքթոր Սողոմոնեան Երկուշաբթի օր, մեկնաբանելով ԵԱՀԿ գործող նախագահ Քարել տը Կուխտի յայտարարութիւնը, որ ԼՂՀի սահմանադրութեան հանրաքուէն անուանած էր «հակաարդիւնաւէտ», ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու յայտարարութիւնը, որ «նման հանրաքուէի կայացումը որեւէ ձեւով չի կրնար օգնել հակամարտութեան լուծումին», յայտարարեց, որ եւրոպական կազմակերպութիւններու այս յայտարարութիւնները «չեն նպաստում հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը»։
Սողոմոնեան յայտարարեց, որ «նմանօրինակ մեկնաբանութիւնները ամենեւին էլ չեն նպաստում հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանը: Դա բացայայտ անյարգալից վերաբերմունքի դրսեւորում է ԼՂՀ ժողովրդի համար պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութեան՝ համաժողովրդական սահմանադրութեան հանրաքուէի հանդէպ: Նման վերաբերմունքը կարող է միայն սասանել վստահութիւնը ԵԱՀԿի եւ միջնորդների խմբի հանդէպ: Համոզուած եմ. լաւագոյնը, ինչ կարող էին անել այդ պարոնայք, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհուրդի «մեկնաբանները», դա լռելն էր:
«Այսպէս թէ այնպէս, ԼՂՀի քաղաքացիները կատարել են իրենց ընտրութիւնը յօգուտ ազատութեան եւ անկախութեան, ինչպէս անցած հանրաքուէի ընթացքում, այնպէս էլ 15 տարի առաջ: Այդ ընտրութիւնը որեւէ եւրոպական պաշտօնեայի վաւերացման կարիք չունի»:
Հանրաքուէին մասին իրենց կարծիքը յայտնեցին նաեւ անկախ դէտեր ըսելով, որ «Դեկտեմբերի 10ին անցկացուած սահմանադրութեան ընդունման հանրաքուէն համապատասխանում է ԵԱՀԿի, Եւրոպայի խորհրդի եւ եւրոպական միջազգային միւս կառոյցների ժողովրդավարական ընտրութիւններին վերաբերող, հաւասարապէս եւ հանրաքուէների նկատմամբ կիրառուող չափանիշների մեծ մասին»:
Հանրաքուէի նախապատրաստութեան ընթացքին եւ բուն հանրաքուէին կը հետեւէին 100է աւելի միջազգային դէտեր Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանէն, Իտալիայէն, Իսրայէլէն, Դանիայէն, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով լրագրողներ ռուսական, վրացական, ֆրանսական, բրիտանական եւ այլ լրատուամիջոցներէ:
Հանրաքուէի օրը դէտերը այցելեցին 137 ընտրական տեղամասեր, մասնակցեցան ձայները հաշուելու գործընթացին 32 ընտրական տեղամասերու մէջ եւ հաստատեցին, թէ ոչ մէկ էական խախտում արձանագրուած է: