ԱՇՏԱՐԱԿ, «Նոյեան Տապան».- 2003էն ի վեր, հարաւային Կովկասի մէջ մշակութային եւ բնական ժառանգութեան պահպանման, պատմական քաղաքներու կառավարման եւ կարողութիւններու զարգացման եւ կառավարման տարածաշրջանային ծրագիրի կարեւորագոյն բաղկացուցիչ մասն է Աշտարակի, Գորիսի եւ Գիւմրիի մէջ նախագիծերու իրականացումը:
Անոնք օրինակներ պիտի դառնան Հայաստանի միւս քաղաքներուն մէջ քաղաքաշինական վերականգնման նման գործընթացներու իրականացման համար: Այս մասին յայտարարեց քաղաքաշինութեան նախարարի գլխաւոր խորհրդական Սարգիս Թովմասեան՝ Նոյեմբեր 9ին Աշտարակի մէջ գումարուող «Ճարտարապետական եւ բնական ժառանգութեան վերականգնումը քաղաքաշինական քաղաքականութեան մէջ. Հայաստան» խորագրով խորհրդակցութեան ժամանակ:
Ըստ քաղաքաշինութեան նախարարի գլխաւոր խորհրդականին, Եւրոպայի խորհուրդի (ԵԽ) աջակցութեամբ գործադրուող ծրագիրի նպատակն է օգնել պետական կառավարման եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններուն՝ քաղաքներու պատմական միջավայրերու վերազարգացման, ինչպէս նաեւ եւրոպական չափանիշներուն համապատասխան քաղաքաշինական վերականգնման ծրագիրներու մշակման ու անոնց իրագործման համար:
Նշուած քաղաքներուն մէջ գործադրուող նախագիծերը կը նպաստեն տեղական նախաձեռնութիւններու դերի բարձրացման, ազգաբնակչութեան կենսամակարդակի բարձրացման ուղղուած միջին եւ երկարաժամկէտ ծրագիրներու իրականացման՝ զբօսաշրջութեան զարգացման համար նախադրեալներ ստեղծելու, ներդրումային աշխուժութիւնը խթանելու միջոցով:
Նման տեսակէտ յայտնեց նաեւ ԵԽի պաշտօնատարնետէն Միքայէլ տը Թիզ: Երկօրեայ խորհրդաժողովի ընթացքին պիտի ամփոփուին Հայաստանի եւ ԵԽի փորձագէտներուն կողմէ նշուած քաղաքներուն մէջ կատարուող ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները, որոնց հիման վրայ խորհրդատուութիւններ պիտի տրուին Հայաստանի միւս քաղաքներու հետագայ զարգացման համար: