«Հայաստան» հիմնադրամի Արեւմտեան Ամերիկայի յանձնախումբը հաղորդեց, թէ Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Անթոնիօ Վիարայկոսա թելեթոնին իր զօրակցութիւնը յայտարարած է:
«Հայաստան» հիմնադրամին առնչուած իր յատուկ կոչին մէջ, քաղաքապետ Վիարայկոսա ըսաւ. «Լոս Անճելըսը Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս ապրող հայերու իմաստով ամէնէն բազմամարդ քաղաքն է, միաժամանակ՝ «Հայաստան» հիմնադրամի ամենամեծ տեղական կառոյցին կեդրոնն է»: Դրուատելով հիմնադրամը, քաղաքապետը ընդգծեց այն փաստը, որ անոր ճիգերով հանգանակուած է աւելի քան 160 միլիոն տոլար Հայաստանի մէջ ճամբաներու, հիւանդանոցներու, դպրոցներու, բնակարաններու եւ ենթակառոյցի շինարարութեան համար: «Ձեր ճիգերուն համար դուք պէտք է հպարտ զգաք», ըսաւ Վիարայկոսա:
Լոս Անճելըսի քաղաքապետը աւելցուց, որ յուսալից է իր ղեկավարած քաղաքը Երեւանի հետ քոյր քաղաք դարձնելու հեռանկարով: Գործակցութիւն մը, որ մարդասիրական օժանդակութիւն պիտի ապահովէ Հայաստանին:
Նշենք, որ իր ընտրութենէն ասդին, Վիարայկոսա մեծ ճիգ կը թափէ միջազգային գետնի վրայ Լոս Անճելըսը գործակից քաղաք դարձնելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս, տնտեսական, առեւտուրի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներէ ներս:
Իր խօսքին մէջ նաեւ, քաղաքապետը շնորհաւորեց համայն հայութիւնը Հայաստանի վերանկախացման 15րդ տարեդարձին առիթով: