ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այսօր, Դեկտեմբեր 13ին, Ազգային ժողովի նախագահ Տիգրան Թորոսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցով պիտի մեկնի Հնդկաստան:
Նիւ Տելհիի մէջ նախատեսուած են հանդիպումներ Հնդկաստանի նախագահ Աւուլ Փաքիր Զէյնուլապտին Ապտուլ Քալամի, դաշնակցային եւ նահանգային պաշտօնատարներու, ընդդիմութեան առաջնորդ Ատւանիի, արտաքին գործոց նախարար Փրանապ Մուքերճիի, Ազգային Քոնկրէս կուսակցութեան ղեկավար Սօնիա Կանտիի, Տելհիի գլխաւոր նախարար Շէյլա Տիքշիթի հետ:
Հայկական պատուիրակութիւնը Երեւան պիտի վերադառնայ Դեկտեմբեր 17ին: