ԵՐԵՒԱՆ, «Ա1+», «Արմէնփրէս».- Երէկ, Հոկտեմբեր 16ին հայկական ճատրակի դպրոցը տօնեց երկու նոր յաղթանակներ: Առաջինը, Երեւանի Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, ուր կազմակերպուած էր աշխարհի մինչեւ 20 տարեկաններու ախոյեանութիւնը, ուր 9.5 կէտով աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը նուաճեց 17ամեայ հայ պատանի ճատրակիստ Զաւէն Անդրէասեան:
Ան վերջին, 13րդ փուլին, հաւասարութեամբ աւարտեց վրացի Լեւան Փանցուլիայի դէմ մրցումը:
2րդ եւ 3րդ դիրքերը գրաւեցին ռուս եւ ուքրանացի ճատրակիստներ Նիքիթա Վիդիւկով եւ Եուրի Գրիւորուչքօ:
Իգական սեռի ախոյեանութեան կոչումը նուաճեց Եան Շէնկ: Հայ ճատրակիստուհիներէն լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց Սիրանուշ Անդրէասեան, որ 7.5 կէով գրաւեց 19րդ դիրքը:
Երկրորդ կարեւոր նուաճումը արձանագրուեցաւ Աւստրիոյ մէջ: Երեւանի «Միկա» իգական սեռի խումբը Աւստրիոյ Ֆուքէն քաղաքին մէջ աւարտած իգական սեռի Եւրոպայի ճատրակի ակումբային ախոյեանութեան մրցաշարքի վերջին մրցումին, 2-2 արդիւնքով հաւասարելով Ռուսիոյ Չելեապինսք քաղաքի «Հիւսիասային Ուրալ» խումբին հետ, 12 խմբային կէտերով եւ 17.5 անհատական կէտերով նուաճեց Եւրոպայի ակումբային բաժակը:
Նշենք, որ «Միկա»ի մաս կը կազմեն հայ ճատրակիստուհիներ Էլինա Դանիէլեան, Նելլի Աղինեան եւ վրացի ճատրակիստուհիներ Մայեա Չիպուրտանիծէ եւ Նինօ Խուրցիծէ: