ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ», «Սի.Էն.Էն».- Հինգշաբթի օր, Վըրճինիայի մէջ ճշդուեցաւ Մ. Նահանգներու յառաջիկայ Ծերակոյտի ճակատագիրը, երբ տեղւոյն հանրապետական ծերակուտական Ճորճ Ալըն ընդունեց իր պարտութիւնը դեմոկրատ Ճիմ Ուէպի դէմ, եւ այս ձեւով Ծերակոյտէն ներս ուժերու յարաբերութիւնը վերջնականացաւ 49-51, ի նպաստ Դեմոկրատ կուսակցութեան: Խորքին մէջ, հանրապետականները ունին 49 ծերակուտական, դեմոկրատները նոյնքան, սակայն երկու անկախներ՝ Պըրնի Սանտըրս Վըրմանթէն եւ Ճո Լիպըրման Քէնէթիքէթէն յայտարարած են, որ մաս պիտի կազմեն դեմոկրատներու համախմբումին:
Ալըն ընտրութիւններէն երկու օր ետք ընդունեց իր պարտութիւնը յայտարարելով, որ ժողովուրդը ըսած է իր վերջին խօսքը եւ ինք հեռաձայնով շնորհաւորած է իր մրցակիցը: Իր մրցակիցը իրմէ 8805 քուէ աւելի ստացած էր:
2001ի Մայիսէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով, դեմոկրատները կը տիրանան Ծերակոյտի մեծամասնութեան:
Ճիմ Ուէպ նախագահ Ռեկընի օրերուն եղած է նաւատորմի նախարար:
Ծերակոյտի փոքրամասնութեան ղեկավար Հէրի Ռիտ (Նեւատա) յայտարարեց. «Ընտրութիւնները աւարտած են: Ժամանակն է փոփոխութեան: Ժամանակն է երկկուսակցական գործակցութեան, ժամանակն է բաց կառավարութեան, թափանցիկութեան եւ արդիւնքներու»: