Երեւան, «Արմինֆօ».- Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ սահմանապահ վարչութեան մամլոյ ծառայութենէն չեն հաստատած Հոկտեմբեր 11ին Հայաստանի կողմէ Թուրքիոյ ուղղութեամբ կրակ բացուած ըլլալու թրքական տարբեր լրատուուական ծառայութիւններու հաղորդագրութիւնները: Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ սահմանապահ վարչութեան մամլոյ քարտուղար, փոխգնդապետ Վարդան Կարապետեան եւ նշեց, որ պետական խողովակներով նման տեղեկատուութիւն չէ փոխանցուած:
Նշենք, որ թրքական եւ միջազգային լրատու աղբիւրներու հաղորդումներով, Թուրքիոյ սպայակոյտը Հայաստանը մեղադրած էր թրքական հողամասերու ուղղութեամբ կրակ բացած ըլլալու կապակցութեամբ եւ ըստ անոնց հրապարակած տեղեկատուութեան, «Հոկտեմբերի 11ին Հայաստանի սահմանապահ զօրքերի զինծառայողները հրազէնից երկու անգամ կրակ են արձակել թուրքական տարածքի ուղղութեամբ: Տուժածներ չկան»: Յատկանշական է, որ թրքական բանակի աղբիւրները Ուրբաթ օր անդրադարձան… Չորեքշաբթի օր իբրեւ թէ տեղի ունեցած միջադէպին:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանին տեղաբաշխուած են Ռուսիոյ սահմանապահները եւ Հայաստանի սահմանապահ զօրքեր այնտեղ չկան:
Որոշ անկախ դէտերու կարծիքով, թրքական կողմի մեղադրանքները կապուած են վերջերս Ֆրանսայի Ազգային ժողովին կողմէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը հերքելու համար քրէական պատասխանատուութիւն նախատեսող օրէնքի ընդունման հետ: