ՔՈԼՈՄՊՕ, «Ռոյթըրզ».- Սրի Լանքայի իշխանութիւնները թամիլ անջատողականները պատասխանատու նկատեցին Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին տեղի ունեցած պայթումի մը, որուն զոհ գացին 92 հոգի, մեծամասնութեամբ՝ ծովուժի նաւաստիներ:
Երկրին հիւսիսային շրջաններուն մէջ տեղի ունեցած պայթումին հետեւանքով վիրաւորուեցան 100է աւելի ուրիշներ:
Յարձակումին թիրախը զինուորներ փոխադրող հանրակառքերու շարասիւն մըն էր:
Յարձակումը նաեւ կասկածի տակ առաւ Ժընեւի մէջ Հոկտեմբեր 28-29ին տեղի ունենալիք խաղաղութեան բանակցութիւնները: