ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Ցեղասպանութեան ուսուցումի ծրագիրը հրապարակեց Ganocide and the Human Voice: Nicole’s Journey խորագրով ծրագիր մը, որ կ’առաջադրէ Հայկական Ցեղասպանութիւնը աշակերտներու համար ուսուցանել համացանցի միջոցով:
Ծրագիրը կը բաղկանայ համակարգիչի վրայ դասերէ, որոնց կրնան հետեւիլ աշակերտները համացանցի վրայ: Տրուած ըլլալով, որ դասապահերը կրնան շատ սահմանափակ ըլլալ, այդ պատճառով ալ դիմուած է այս միջոցին, ուր աշակերտը կրնայ շատ աւելի լայն ժամանակ ունենալ իր տան մէջ իսկ, իսկ ուսուցիչները, իրենց կարգին, կրնան այս միջոցով աւելի արդիական դասաւանդում կատարել՝ նոյնիսկ եթէ բաւարար դասապահեր չկան:
Դասերու բովանդակութիւնը կը համապատասխանէ 11 զանազան նահանգներու մէջ որդեգրուած չափանիշներուն, որոնք կը վերաբերին պատմութեան դասաւանդումին:
Դասը կը տրուի Նիքոլ Վարդանեանի՝ իր մեծ մօր ծննդավայրը այցելութեան (Արեւմտահայաստան) ընդմէջէն, համապատասխան պատմումով՝ ինչ կը վերաբերի տարագրութեան եւ զանգուածային ջարդերուն եւ Վարդանեանի մեծ մօր ճողոպրումի պատմութիւնով, հասնելով մինչեւ ներկայ օրերու թրքական ուրացումը:
Դասերու համացանցային հասցէն է www.learngenocide.com: