ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Յունուար 12ի կանուխ առաւօտուն, հրթիռ մը արձակուեցաւ Յունաստանի ամերիկեան դեսպանատան վրայ, նիւթական վնասներ պատճառելով շէնքին:
Հրթիռարձակումը վերջին տասնամեակին Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած հակաամերիկեան ամենայատկանշական արարքը նկատուեցաւ:
Ցարդ ոչ մէկ կազմակերպութիւն ստանձնած է արարքին պատասխանատուութիւնը, սակայն յունական իշխանութիւնները յայտնեցին, թէ շատ հաւանաբար կազմակերպուած էր տեղական ահաբեկչական խմբակի մը կողմէ, որովհետեւ կարգ մը ապօրինի ծայրայեղական խմբակներ կ’ընդդիմանան Իրաքի մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան:
Ուաշինկթըն եւս յայտարարեց, թէ ցարդ ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի, թէ յարձակումը կրնայ «միջազգային ահաբեկչութեան» հետ կապ ունենալ: