Ս. ՓԵԹԵՐՍՊՈՒՐԿ, «Արմէնփրէս».- Նոյեմբեր 16ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ «Կովկասեան քառեակ»ի (Վրաստան, Հայաստան, Ատրպէյճան, Ռուսիա) փակ նիստ: Նիստին պիտի քննուին տարածաշրջանի խնդրայարոյց հարցերը եւ անոնց լուծման ուղիները: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է ԱՊՀի միջխորհրդարանական վեհաժողովի գլխաւոր քարտուղար Միխայիլ Քրոթովը:
Ան նշած է նաեւ, որ այդ օրը ԱՊՀի միջխորհրդարանական վեհաժողովի խորհուրդի նիստին մասնակցելու համար պիտի ժամանեն ԱՊՀի բոլոր երկիրներու խորհրդարաններու պատուիրակութիւնները: Խորհուրդի նիստին պիտի քննուին Քիրկիզիստանի իրադրութիւնը եւ Տաճիկիստանի նախագահական ընտրութիւններու արդիւնքները: Խորհրդարանականները պիտի քննեն նաեւ բնապահպանութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն վերաբերող հարցեր: