ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Առաւելագոյն մարդկային զոհ խլելու նպատակով համադրուած զոյգ պայթումներ Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին առնուազն 63 զոհ խլեցին Պաղտատի մէջ: Ներքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ վիրաւորուած են 221 ուրիշները, որոնց մէկ մասը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուի:
Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճորճ Պուշ վերջապէս սկսած է ընդունիլ, թէ Իրաքի հանդէպ իր որդեգրած քաղաքականութիւնը սխալ ընթացքի մէջ է ու սկսած է զայն վերատեսութեան ենթարկելու նպատակով խորհրդակցութիւններ ունենալ մասնագէտներու հետ:
Սպիտակ տան մօտիկ աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ կեցուածքի փոփոխութիւնը պիտի հրապարակուի Կաղանդէն ետք:
Նաեւ, Երեքշաբթի օր «USA Today» թերթին ու «Կէլոփ» հիմնարկին կողմէ կատարուած հարցախոյզի մը արդիւնքները հրապարակուեցան, ցոյց տալով, թէ ամերիկացիներուն 55 տոկոսը կը փափաքի, որ ամերիկացի զինուորները մէկ տարիէն հեռանան Իրաքէն: