ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 16ին, հարիւրաւոր սիւննի քաղաքացիներ սկսան հեռանալ Պաղտատէն հիւսիս գտնուող Պալատ քաղաքէն, ուր անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած միջհամայնքային սպանութիւնները 91 զոհ խլեցին, մեծամասնութեամբ՝ սիւննիներ:
Պաղտատի մէջ, Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած ականուած երկու ինքնաշարժներու պայթումներուն հետեւանքով սպաննուեցան աւելի քան 20 քաղաքայիններ եւ վիրաւորուեցան 27 ուրիշներ, մինչ հարաւային Իրաքի մէջ տեղի ունեցած այլ պայթումի մը հետեւանքով սպաննուեցան տասը ուրիշներ:
Անցնող շաբաթավերջին Իրաքի տարածքին տեղի ունեցած յարձակումներու ընթացքին սպաննուեցան նաեւ եօթը ամերիկացի զինուորներ:
Իր կարգին, Իրանի գերագոյն կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամանէի Միացեալ Նահանգները դատապարտեց Իրաքի մէջ ցեղային հարցեր ստեղծելու յանցանքով։ Ան ըսաւ. «Սիւննիներուն ու շիիներուն միջեւ հարցեր յառաջացնելը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան գլխաւոր բաժինն է։ Իրաքցի մեր եղբայրները պէտք է միասնակամ եւ զգոյշ ըլլան»։ Անոր խօսքէն ետք, ներկաները միասնաբար բացագանչեցին. «Մա՛հ Ամերիկայի»։
ՄԱԿի տուեալներուն համաձայն, Իրաքի մէջ շիի-սիւննի հակամարտութեան պատճառով օրական մօտ հարիւր իրաքցի զոհ կ՚երթայ։