Անցնող տարուան աւարտին, իր մահկանացուն կնքեց գրող, թարգմանիչ, բանաստեղծ, գիտնական եւ «Նաւասարդ» ամսագրի հիմնադիր խմբագիրներէն Վարդգէս Ֆրանգեան՝ բանաստեղծական անունով Արմէն Գէս:
Որդին՝ փրոֆ. Երուանդ Ֆրանգեանի, որ ծանօթ է Հ.Յ.Դաշնակցութեան փիլիսոփայութեան վերլուծական իր հատորով, Վարդգէս Ֆրանգեան ծնած է 1920ին, Համատանի մէջ, Իրան, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը, ապա ծնողներու հետ Թեհրան հաստատուելով, յաճախած է Ֆրանսական լիսէ, իսկ բարձրագոյն ուսումը շարունակած է Թեհրանի համալսարանի քիմիագիտութեան ճիւղին մէջ: 1951ին մեկնած է Ֆրանսա՝ Լիոնի համալսարանին մէջ շարունակելու իր մասնագիտութիւնը: Ան միաժամանակ Լիոնի համալսարանին մէջ հետեւած է հոգեբանութեան, գեղարուեստի պատմութեան եւ գրականութեան: Թեհրան վերադառնալով, տարիներ շարունակ պաշտօնավարած է քիմիական գործարաններու մէջ, իբրեւ մասնագէտ:
Երիտասարդական տարիներուն, Վարդգէս Ֆրանգեան ցոյց տուած է մասնաւոր հետաքրքրութիւն դէպի գրականութիւնը: Իր գրական առաջին փորձերը կատարած է «Ալիք» օրաթերթին մէջ գիտական, գրական, իմաստասիրական յօդուածներով, թարգմանաբար թէ ստեղծագործութեամբ:
Գրականութեան հանդէպ իր սէրը զինք մղած է մաս կազմելու «Նոր էջ» գրական հանդէսին, այնտեղ ստորագրելով արդիաշունչ բանաստեղծութիւններ եւ կատարելով միջազգային մեծ բանաստեղծներէն թարգմանութիւններ: Այս նորաշունչ պարբերականը եղած է տեսակ մը գրական դպրոց, մասնաւորաբար անոր շուրջ համախմբուած համալսարանաւարտներուն համար, որոնք տիրապետեած ըլլալով հայերէնէ եւ պարսկերէնէ անկախ այլ լեզուններու՝ յաջողած են աշուղական մոթիֆներու կողքին հիմը դնել արդիապաշտ բանաստեղծութեան:
Իրանի Հայ համալսարանականներու ընդհանուր միութեան հիմնադիրներէն եղած ըլլալով, Վ. Ֆրանգեան անոր քարտուղարութիւնը վարած է մինչեւ 1980, երբ ընտանեօք հաստատուած է Քալիֆորնիա:
1982ին Արմէն Տօնոյեանի գլխաւորութեամբ խումբ մը գրողներու հետ մասնակցած է «Նաւասարդ» գրական ամսագրի հրատարակութեան, իսկ 1992էն սկսեալ՝ «Հայ բոյժ»ի խմբագրութեան:
Իր յատուկ բանաստեղծական վերացապաշտ արուեստին մէջ, ան որոնած է մարդ անհատի ազատութիւնը եւ անոր ազատագրական պայքարը զինք կաշկանդող ճակատագրին դէմ:
Շրջան մը, ան մաս կազմած է նաեւ «Ֆերահեան» վարժարանի հոգաբարձութեան:
Իր քիմիագիտական մասնագիտութեան արդիւնքն էր «ԴԵՂԾԱՆԻՉ ԴԵՂԱՆԻՒԹԵՐ» կամ DRUG ABUSE հատորին հրատարակութիւնը, որ մեր ուսանողութեան եւ երիտասարդական կազմակերպութեանց մէջ մեծ ժողովրդականութիւն գտաւ: Այս հատորը ցոյց կու տայ դեղանիւթերու մոլութեանց աղէտները եւ միջոցառումներ՝ անկէ հեռու մնալու, հոգեբանօրէն թէ ֆիզիքապէս:
Օժտուած գիտնական ըլլալով հանդերձ, Վարդգէս Ֆրանգեան Թեհրանէն մինչեւ այս ափերը մշակութային հանդէսներուն իր մասնակցութիւնը բերած է ստեղծագործական, վերլուծական, թարգմանական յօդուածներով: Իսկ անոր բանաստեղծական հանգանակը կը հանդիսանայ Թեհրանի մէջ լոյս տեսած «Երեք օր» խորագրով իր արդիաշունչ հատորը:
Քալիֆորնիոյ մէջ ան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Այսպէս, տարիներու ընթացքին ան ներկայացուցած է ոչ միայն Նոպէլեան մրցանակակիրներ, այլեւ միջազգային գրականութեան գլուխ գործոցներու թարգմանութիւնները:
Անդրադառնալով անոր քերթողական վաստակին, ան կը ներկայացնէ իրապաշտ պատկերներ կեանքէն, երբեմն խիտ խորհրդածութիւններով եզրակացուած:
Իր հոգեբանական եւ իմաստասիրական հակումներուն կը հանդիպինք իր գրական վերլուծումներուն մէջ, որոնք ցրուած կը մնան յատկապէս «Նաւասարդ»ի եւ «Նոր էջ»ի էջերուն մէջ:
Գաղափար մը տալու համար Վարդգէս Ֆրանգեան-Արմէն Գէս բանաստեղծի ստեղծագործութեան մասին, ստորեւ իր հատորէն այս քերթուածը՝
ԽեՆԹ ՎԱՐԴԵՐԸ
Մոխրացող մոխրամանի սեւացած եզրին
Դողդոջուն լոյսն է ծերացել
Ու ես նրա մէջ նորից գտել եմ
Այն լռութիւնը, որ վաղուց էի
մոռացել:
Այստեղ չկայ օր, գիշեր, ժամանակ,
Միայն թեւաթափ ծուխն է
շարժւում
Ու ինձ յիշեցնում, որ ես կամ.
Ու նա եկաւ, նստեց ծերացած
լոյսի կողքին,
Իր մերկ ազդրին անց էր կացրել մի գործ շղթայ,
Ու խենթութեան մի մեծ փունջ էր կրծքին սեղմել
Հեզ ժպտալով նա ինձ տուեց
Խենթ վարդերը ու գործ շղթան: