ՊՐԻՒՔՍԷԼ, ԱՆԳԱՐԱ, ՆԻԿՈՍԻԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11ի երեկոյեան, Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները որոշեցին ընդունիլ Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը հանդիսացող Եւրոյանձնաժողովի այն առաջարկը, թէ անդամակցութեան բանակցութիւնները պէտք է մասնակիօրէն սառեցնել Թուրքիոյ հետ, մինչեւ որ կարելի ըլլայ Թուրքիան համոզել, թէ պէտք է անմիջապէս յարգէ իր նաւահանգիստներն ու օդակայանները Կիպրոսի առջեւ բանալու իր խոստումը:
Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը շփոթեցուցիչ որակեց եւրոպական այս որոշումը:
Ըստ Եւրոյանձնաժողովի առաջարկին, պէտք է բանակցութիւնները սառեցուին 35 թղթածրարներէն ութին շուրջ: Նաեւ շեշտուեցաւ, թէ մինչեւ տագնապին լուծումը, պէտք չէ արդէն իսկ բաց կամ ասկէ ետք բացուելիք թղթածրարներէն որեւէ մէկը փակել:
Մինչ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան «անարդար» որակեց այս որոշումը, Կիպրոսի իշխանութիւնները ողջունեցին զայն եւ շեշտեցին, թէ Եւրոմիութիւնը պիտի պարտադրուի աւելի խիստ միջոցառումներու դիմել, եթէ Թուրքիա շարունակէ ընդդիմանալ Եւրոմիութեան պահանջներուն:
ՇՓՈԹԵՑՈՒՑԻՉ
Այս մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յայտարարեց, թէ «ԵՄի անդամ պետութիւններու որոշումը յստակացնելու փոխարէն, աւելի շփոթ կը ստեղծէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ: (Արտաքին գործոց նախարարներու) խորհուրդը Եւրոպայի հաւաստիութիւնը կրնայ վերականգնել միայն այն պարագային, երբ տրամաբանական ժամկէտ մը ճշդէ Թուրքիոյ համար, որպէսզի յարգէ իր խոստումը»:
Յանձնախումբը նաեւ ցաւ յայտնեց, որ ԵՄը լուռ կը մնայ Թուրքիոյ կողմէ այլ խախտումներուն ի տես, ինչպէս Ցեղասպանութեան ուրացումը, այս մասին արտայայտուողները քրէական պատիժի ենթարկելը, Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելը եւայլն: