ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Շրջակայ միջավայրի վերաբերեալ «Օրհուսի հռչակագիրի դրոյթներու իրականացումը Հայաստանի մէջ» զեկոյցը եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան քայլերը ներկայացուեցան Դեկտեմբեր 12ին, ԵԱՀԿ գրասենեակի կողմէ կազմակերպուած հանդիպումի մը ընթացքին:
Զեկոյցը կը վերլուծէ բնապահպանական խնդիրներու վերաբերեալ տեղեկատուութեան, արդարադատութեան մատչելիութեան եւ որոշումներու կայացման գործին մէջ հասարակութեան մասնակցութեան իրավիճակը, ինչպէս նաեւ այս բնագաւառէն ներս գործող եւ որդեգրուելիք օրէնքները:
Հանդիպումի աւարտին, «Բնապահպանութիւն եւ քաղաքաշինութիւն» ԵԱՀԿ գրասենեակի աջակցութեամբ կազմակերպուած լրագրողական մրցոյթի յաղթողները պարգեւատրուեցան մրցանակներով:
«Հեռուստալրագրութիւն» անուանակարգով առաջին տեղը (400 եուրօ) գրաւեց Նելլի Դանիէլեան («Երկիր մեդիա» հեռուստաընկերութիւն): Երկրորդ (300 եուրօ) մրցանակակիր հռչակուեցաւ Վահէ Ղազարեանը («Կեդրոն» հեռուստաընկերութիւն), երրորդ տեղը կիսեցին (200 եուրօ իւրաքանչիւրին) Լիլիթ Դաւթեան («Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւն) եւ Սեդա Գրիգորեան («Լուսալիք» հեռուստաընկերութիւն):
«Տպագիր մամուլ» անուանակարգով առաջին մրցանակը շնորհուեցաւ անկախ լրագրող Աշոտ Գարեգինեանին, երկրորդ՝ Գալուստ Նանեանին («Հայաստանի Հանրապետութիւն» թերթ), երրորդը՝ անկախ լրագրող Նայիրա Բուլգադարեանին:
Հինգ քաջալերական մրցանակներ (100ական եուրօ) շնորհուեցան «Հեռուստալրագրութիւն» անուանակարգով Հայք Կբէեանին եւ Արմինէ Սուքիասեանին, եւ «Տպագիր մամուլ» անուանակարգով՝ Մարիաննա Գրիգորեանին, Ռուզաննա Բիշարեանին եւ Սուսաննա Շախնազարեանին: