ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Քարիւղ արտադրող երկիրներու կազմակերպութեան (ՕՓԵՔ) միջազգային զարգացման հիմնադրամը յառաջիկային մտադիր է ընդլայնել Հայաստանի գիւղատնտեսութեան զարգացման ծրագիրները: Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Դաւիթ Լոքեանին հետ Հոկտեմբեր 13ի հանդիպումէն յետոյ լրագրողներուն այս մասին յայտնեց հիմնադրամի գլխաւոր տնօրէն Սուլէյման Եասիր Հերպիշ եւ նշեց, որ այժմ կը քննուի եւս 12 միլիոն տոլարի ներդրման ծրագիրը:
Հիմնադրամի տնօրէնը յայտնեց նաեւ, որ բացի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն, կազմակերպութիւնը կը պատրաստուի լուրջ ներդրումներ կատարել նաեւ Հայաստանի ուժանիւթի համակարգին մէջ: Նշուեցաւ, որ ՕՓԵՔ պատրաստ է դրամատնային համակարգի միջոցով ֆինանսաւորել նաեւ Հայաստանի սեփական (ոչ պետական) հատուածի զարգացման ծրագիրներ, որու բերումով վարկեր պիտի տրամադրուին 20 տարիով, որմէ 5 տարին՝ արտօնեալ ժամկէտով:
Ըստ նախարար Լոքեանի, հիմնադրամի հետ, որու դրամագլուխը կը կազմէ 4.4 միլիառ տոլար, Հայաստան սկսած է գործակցիլ 2005էն ի վեր: Նախարարը նշեց նաեւ, որ արդէն այս տարի հիմնադրամը Հայաստանի մէջ կատարած է 5 միլիոն տոլարի ներդրում՝ համաֆինանսաւորելով գիւղական տարածքներու տնտեսական զարգացման ծրագիրը, որ ուղղուած է առաւել աղքատ, սահմանամերձ 7 մարզերու գիւղական համայնքներու զարգացման: Այդ ծրագիրով գումարներ պիտի յատկացուին ճանապարհաշինութեան, ոռոգման համակարգերու վերականգման, կազի ցանցին եւ հիւանդանոցներու վերանորոգման համար: