Մօտաւորապէս 100 տարի առաջ Պոլսոյ մէջ ծայր տուած վէճին չ’առնչուիր մեր խորագիրը: Այդ օրերուն, խնդիր կար, որ յետսահմանադրական Թուրքիոյ մէջ եկեղեցիները պէ՞տք է տրամադրել քաղաքական հաւաքներու, թէ ոչ:
Սակայն դար մը ետք, բաց ու գոցի խնդիրը կը շարունակուի հիմնովին տարբեր տուեալներով եւ դերասաններով: Խորքին մէջ՝ մէկ դերասանով (բառին իսկական առումով), որ Թուրքիան է:
Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր մանկապարտէզի «աթոռի խաղ»ը յիշեցնող այս ճարպիկութիւնը շատոնց ճապաղած է, հակառակ միջազգային օրէնքով անոր վտանգաւոր բնոյթին: Թուրքիան փակած է Հայաստանի հետ իր ցամաքային սահմանը եւ իր զինակից-զօրակիցները գործի լծած է, որպէսզի զիջումներ կորզէ Հայաստանէն՝ փոխան սահմանը բանալուն:
Թուրքիոյ տեսակէտով, եթէ Հայաստանի հետ իր սահմանը «բացուի», այդ մէկը ի՜նչ մեծ օգուտներ կրնայ բերել Հայաստանին: Թուրքիա կ’ուզէ մեզ ու աշխարհը խաբել՝ ստեղծելով այն թիւր կարծիքըը, որ սահմանը փակողը ոչ թէ ինք, այլ Հայաստանն է: Այս պատճառով ալ, այս մասին եղած յայտարարութիւններուն մէջ սահմանին առնչուող բանալի բայը կը գործածուի իր կրաւորական ձեւին մէջ՝ «բացուիլ», որպէսզի անորոշ մնայ փակող կողմը:
Խորքին մէջ, սահմանի փակումը շրջափակում կը նշանակէ, ինչ որ միջազգային օրէնսդրութամբ պատերազմական արարք կը համարուի: Հետեւաբար, Թուրքիա Հայաստանի հետ իր սահմանը փակելով, ըստ միջազգային օրէնքի, ինքզինք դրած կ’ըլլայ պատերազմական արարքի հեղինակի դիրքին մէջ: Իսկ այս դիրքով, պարզ է, նոր բարդութիւն կը յառաջանայ Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան մէջ: Ուրեմն, պէտք է հարթել, չէզոքացնել այս բարդութիւնը:
Ինչպէ՞ս: Ահաւասիկ, Թուրքիոյ զինակիցները Երեւանի մէջ Տրովադայի ձիեր կը փնտռեն, որպէսզի «գիտաժողովի» միջոցով ստեղծեն այն պատրանքը, որ տնտեսական որքան մեծ օգուտ կրնայ քաղել Հայաստանը, եթէ սահմանը «բացուի»: Իսկ պարզ է, սահմանը ինքնաբերաբար չի «բացուիր». ասիկա առեւտուր է, պէտք է բան մը տալ, որպէսզի սահմանը «բացուի»: Այդ «բան մը տալը», Տրովադայի ձիերուն համաձայն, ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ Հայաստանի կողմէ քաղաքական զիջումներ կատարելը: