Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 15ին, «Ֆերահեան» ազգ. վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշակերտական հանդիսութիւն մը, նուիրուած՝ Հայ դպրոցի տարուան։ Թեմի ազգ. վարժարաններու աշակերտները միասնաբար ու եզրափակիչ հանդիսութեամբ մը պիտի նշեն այս առիթը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. 2006 տարին հռչակած էր Հայ դպրոցի տարի: Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի յանձնարարութեամբ, արդէն իսկ կրթական տարեշրջանի ընթացքին Ազգ. վարժարաններուն մէջ նշուեցաւ Հայ դպրոցի տարին։ Այս միացեալ ձեռնարկով պիտի եզրափակուի Հայ դպրոցի տարուան նշումը, որ նախաձեռնութիւնն է Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինին եւ կը վայելէ բարձր հովանաւորութիւնը առաջնորդ սրբազանին։
Յատուկ յանձնախումբի մը ջանքերով կազմակերպուած այս հանդիսութեան գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն բոլոր ազգ. վարժարաններու աշակերտները։ Ձեռնարկին ընթացքին խօսք պիտի առնեն Ազգ. վարչութեան եւ Խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչները, իսկ յայտագիրի աւարտին առաջնորդ սրբազանը պիտի փոխանցէ իր օրհնութեան խօսքը։