ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին, Պաղտատէն հիւսիսարեւմուտք գտնուող շրջանի մը մէջ ջախջախուած է ամերիկեան ուժերու ռազմական ուղղաթիռ մը եւս, որ հինգերորդն էր վերջին 18 օրերու ընթացքին:
Ըստ նախնական տուեալներու, սպաննուած են ուղղաթիռին մէջ գտնուող եօթը ամերիկացի զինուորներ:
Իրաքի մէջ «Քայիտա» կազմակերպութեան բանբեր մը յայտարարեց, թէ կազմակերպութեան զինեալները զգետնած են ուղղաթիռը:
Միւս կողմէ, Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալիքի իրաքեան բանակի հրամանատարութեան հրամայեց արագացնել մայրաքաղաքի ապահովական վիճակի բարելաւման գործողութեան պատրաստութիւնները: Մալիքի նշեց, որ վերջին տասը օրերուն Պաղտատի մէջ ականահարումներր ու այլ յարձակումներ խլած են աւելի քան հազար քաղաքային զոհ:
«Այս արարքները պէտք է միացնեն մեզ: Կը զգամ, որ արդէն ուշացած ենք: Կա՛մ բոլորս կը յաղթենք եւ կա՛մ բոլորս կը պարտուինք: Ամբողջ աշխարհը կը դիտէ մեզ եւ կը սպասէ, որ յաղթենք», ըսաւ ան իրաքեան բանակի հրամանատարներուն: