Բազմաթիւ հետազօտութիւններ ապացուցած են, որ մարդու ներաշխարհին վրայ ամենահզօր ու արդիւնաւէտ ազդեցութիւնը ունի երաժշտութիւնը. ան կը լիցքաթափէ, նոր ուժ ու աւիւն կը հաղորդէ մարդուն, յաճախ կը վերափոխէ զայն՝ մղելով նոր ու բարի գործերու։ Ճիշդ երաժշտութիւնը եղած է եւ կը մնայ մարդու հոգեւոր այն սնունդը, որ առանց իրեն դժուար է պատկերացնել կեանքը։ Կեանքի իւրաքանչիւր հատուած եւ հասարակական պահանջք, իր չափանիշները կը թելադրէ երաժշտութեան ասպարէզին մէջ, եւ անկախ երաժշտութեան գերիշխող տեսակէն, նրբաճաշակ անձնաւորութիւնը կը նախընտրէ իրը՝ առաւելութիւնը տալով դասական չափանիշներով ստեղծուած գործերուն։
Անկախ Հայաստանի մշակոյթի նախարարութիւնը առ այսօր չէ կրցած կեանքի կոչել մշակութային ճիշդ քաղաքականութիւն, հաւանաբար այդ թերացումին գլխաւոր պատճառներէն մէկը, նոյն ոլորտի նախարարներու յաճախակի պաշտօնանկ ըլլալն է. իւրաքանչիւր նախարար դեռ դաշտը չուսումնասիրած կը փոխարինուի նոր նախարարով մը, իսկ տուժողը մշակոյթն է։
Հայաստանի մէջ, յատկապէս երգարուեստը քաոսային վիճակի մէջ է։ Երգիչ կամ երգչուհի կրնայ դառնալ ոեւէ մէկը, անոր համար հարկաւոր է միայն մեծ գումար, որուն միջոցով ձայն չունեցողը ձայն կ՚ունենայ, գիտելիք չունենալը խնդիր չի յառաջացներ… Մէկ երկու տեսահոլովակ, որոնք գիշեր ցերեկ կը սփռուին հեռուստատեսութեան բոլոր ալիքներէն ու մէկ շաբթուան մէջ աստղ կը ծնի։ Ինչ խօսք, այդ աստղը իր թիթեռնիկային կեանքով ասուպ կը դառնայ, բայց մինչ այդ պարզ է, թէ ի՛նչ ճաշակ կրնայ ձեւաւորել։
Լաւ երգն ու երաժշտութիւնը տարածելու եւ զայն դաստիարակողի դերին մէջ դնելու կարեւորագոյն միջոցներն են հեռուստատեսութիւնն ու ձայնասփիւռը։ Անոնք այն հզօր ուժերն են, որոնք կրնան թէ՛ ճաշակ ձեւաւորել եւ թէ ճամբայ հարթել սկսնակներուն համար, սակայն ինչ երգեր կը սփռուին Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ձայնասփիւռի ալիքներէն՝ յիշելով շատ շատերը, ի խորոց սրտէ ակամայ հոգոց կը հանենք ու կ՚ըսենք՝ «Յո՞ կ՚երթանք»։
Արժէքաւոր մշակոյթ ստեղծելու համար պէտք է չկտրուիլ ակունքներէն, տիրապետել արուեստի պատմութեան, ըլլալ գործի գիտակ, այդ ձեւով միայն կարելի է ստեղծել ճշմարիտ արուեստ, եւ օրուան պահանջներուն զոհ չերթալ։ Ստեղծենք նորը, սակայն չկտրուինք ակունքներէն։
Թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի նոր սերունդի մեծ մասին ճաշակը կը ձեւաւորուի կլկլոցներու վրայ, ի՞նչ մեղք ունին, երբ ամէնուրեք այդ է իրենց հրամցուածը… Ծով համբերութիւն է պէտք երաժշտական ճաշակ ունեցող ուղեւորներուն համար, որոնք օգտուելով Հայաստանի երթեւեկութեան միջոցներէն՝ կը ստիպուին լսել այնպիսի «երգեր», զորս միայն Աստուծոյ պատիժ կարելի է համարել։
Պետական տօներու առիթով կազմակերպուած երգահանդէսներուն, նոյն բեմահարթակին վրայ կը հանդիպինք վաստակաւոր արուեստագէտներու եւ գիշերային ակումբներու մէջ երգող «երգիչ-երգչուհիներու», հարցը հոն չի վերջանար։ Վերջինները յաճախ հաղորդավարներուն կողմէն կը հրաւիրուին այնպիսի ճոխ բառերով, որ ինքնաբերաբար ենթակաները կը մտածեն, որ իրենք իսկապէս մեծ արժէք կը ներկայացնեն, իսկ հանդիսատեսն ալ կը մտածէ, թէ ինք ի՛նչ տգէտ է, որ մինչեւ հիմա չէ նկատած այդ «տաղանդը»։ Այստեղ նոյնպէս կը ձեւաւորուի անճաշակութիւն՝ պետական մակարդակով։ Աւելին՝ այս տարուան Սեպտեմբերին, ՀՀ նախագահի հրամանով, արուեստի կոչումներով եւ «Մովսէս Խորենացի»ի շքանշաններով պարգեւատրուեցան արուեստագէտներ, որոնք իսկապէս արժանի էին այդ գնահատականին, բայց այստեղ նոյնպէս թացը չորին խառնուած էր՝ պարգեւատրուողներու ցանկին մէջ կային նաեւ անուններ, զորոնք կարելի էր տուգանքի ենթարկել՝ հայ երգարուեստը աղաւաղելու համար։
Աշխարհի մեծ բեմերէն երգող եւ միջազգային բազմաթիւ մրցոյթներու արժանացած երգչուհի Աննա Մայիլեանի կարծիքով՝ «Ճաշակն է փոխուել, պատճառն այն է, որ երիտասարդներին մատուցւում է անճաշակ արուեստ։ Մշակոյթի նախարարութիւնն էլ չի համագործակցում արուեստի գործիչների հետ, մինչդեռ համագործակցութեան արդիւնքում են ընձեռնւում յառաջացած խնդիրների լուծման տարբերակները։
«Առաջին հերթին, որպէս յուշադրողի, պէտք է ունենալ ոսկէ դարի եւ միջնադարեան երաժշտարուեստը, պէտք է անվերջ աշխատենք վերադառնալ դէպի մեր ակունքները, միայն այն ժամանակ մենք կարող ենք խօսել զարգացած երգարուեստի մասին»։
Երգարուեստի դաշտի պառակտումը իր վատ անդրադարձը կ՚ունենայ նաեւ շնորհալի երիտասարդութեան վրայ՝ անոնցմէ շատեր այս քաոսին մէջ չեն կրնար ճանապարհ հարթել։
Այնուամենայնիւ աշխատանքն ու ճիշդ ընտրուած ուղին աննկատ չեն կրնար մնալ, սակայն այս իրավիճակին մէջ ճանապարհ հարթելը դժուար է։ Իսկ երաժշտութեան ու երգի հզօր ուժը՝ սերունդ դաստիարակելու գործին մէջ, պէտք չէ անտեսել։
Nayirim@yahoo.com