Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբերի առաւօտուն, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Ազգ. առաջնորդարանի առժամեայ գրասենեակին մէջ, ընդունեց Հայ Աւետարանական համայնքի հոգեւոր հովիւներէն վեր. Պարգեւ Տարագճեանը եւ անոր յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի օրհնութեան կոնդակը, շնորհուած՝ հոգեւոր հովիւին ծառայական գործունէութեան 50րդ տարեդարձին առիթով։
Ծանօթ է, որ Հայ Աւետ. եկեղեցիներու Միութիւնը 21 Հոկտեմբերին, յոբելենական յատուկ հանդիսութեամբ մը նշեց վեր. Պ. Տարագճեանի գործունէութեան յիսնամեակը։ Իբրեւ առաջնորդ սրբազանին ներկայացուցիչը՝ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան ներկայ եղած էր հանդիսութեան, ընթերցած էր հայրապետական կոնդակը եւ փոխանցած՝ առաջնորդ սրբազանին շնորհաւորանքը։
Վեր. Պ. Տարագճեանին կ՚ընկերանային Հայ Աւետ. համայնքի հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին վեր. Յովսէփ Մաթոսեան, վեր. Ռան Թովմասեան, տեարք Յակոբ Լուսարարեան, Աւետիս Տէմիրճեան եւ Զաւէն Խանճեան։ Հանդիպումին ներկայ եղան Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան վարիչներ՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան եւ Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան։
Առաջնորդ սրբազանը անգամ մը եւս շնորհաւորեց բազմավաստակ հոգեւոր հովիւն ու կրթական մշակը, մաղթելով, որ բարձրեալն Աստուած անոր շնորհէ իր գործունէութիւնը ընդերկար շարունակելու եւ ծաւալելու առիթներ ու միջոցներ։ Յոբելեար հովիւը, իր կարգին, իր շնորհակալական զգացումները փոխանցող նամակ մը յանձնեց առաջնորդ սրբազանին։
Հանդիպումը նաեւ առիթ եղաւ խորհրդակցելու մեր ժողովուրդը յուզող հարցերու մասին, որոնց գծով միասնական գործակցութեան ասպարէզներ կը տարածուին զոյգ համայնքներուն միջեւ։