ԱՆԳԱՐԱ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Շաբաթ, Յունուար 13ին դատապարտեց Արժանթինի վաւերացուցած այն օրէնքը, որ Ապրիլ 24ը կը հռչակէ իբրեւ «Հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի օր»՝ յիշատակելով Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ որոշումը «անբարոյական» կը նկատուի եւ կը պնդուի, թէ որոշումը պատմական իրականութեանց վրայ չէ հիմնուած:
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան Դեկտեմբեր 7, 2006 թուակիր նամակ մը ղրկած էր Արժանթինի նախագահին, դիտել տալով, որ Թուրքիա խիստ անհանգիստ է այդ օրինագիծէն։
Թուրքիոյ կողմէ Արժանթինի յղուած բողոքագրին մէջ նաեւ կը շեշտուի, թէ նոր օրէնքը հանդուրժողականութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ յարգանքի փոխարէն նոր թշնամութիւններ պիտի սերմանէ…:
«Իրենց անցեալի յանցագործութիւնները անտեսող երկիրները իրաւունք չունին միջամտելու այլ երկիրներու հարցերուն», եզրակացուցած է հաղորդագրութիւնը: