ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի խորհրդարանը Փետրուար 7ին սկսաւ քննել կառավարութեան կողմէ առաջին ընթերցման ներկայացուած քաղաքացիութեան մասին օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին օրինագիծը, ինչպէս նաեւ կից ներկայացուող փոփոխութիւնները զինապարտութեան օրէնքին մասին եւ վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ, քրէական ու ընտրական օրէնսգիրքերուն մէջ:
Օրէնսդրական թղթածրարը ներկայացնելու ընթացքին, հիմնական զեկուցաբեր, արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան նշեց, որ օրինագիծին նպատակն է կարգաւորել քաղաքացիութիւն ստանալու եւ երկքաղաքացիութեան կապուած յարաբերութիւնները: Օրինագիծով կը նախատեսուի, որ Հայաստանի քաղաքացին կրնայ ըլլալ նաեւ այլ պետութեան քաղաքացի: Նախագիծով կը սահմանուին քաղաքացիութիւն ստանալու հիմքերը. քաղաքացութիւն կրնան ստանալ 18 տարիքը լրացնող այն անձերը, որոնք վերջին 3 տարիներու ընթացքին մշտապէս բնակած են Հայաստանի մէջ, կրնան բացատրուիլ հայերէնով եւ ծանօթ են Հայաստանի սահմանադրութեան: Միւս ենթախումբին մէջ կը ներառուին անոնք, որոնք ամուսնացած են Հայաստանի քաղաքացիի հետ, կամ ունին Հայաստանի քաղաքացի հանդիսացող երեխայ, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնց ծնողները կամ անոնցմէ մէկը ունեցած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն: Հայաստանի քաղաքացիութիւն կրնան ստանալ նաեւ անոնք, որոնք ծագումով հայ են, կամ որոնք 1995էն յետոյ իրենց դիմումի համաձայն դուրս եկած են Հայաստանի քաղաքացիութենէն: Քաղաքացի կրնան դառնալ նաեւ Հայաստանին բացառիկ ծառայութիւններ մատուցած անձերը:
Նախագիծին մէջ հաստատուած է, որ երկքաղաքացին Հայաստանի համար միայն Հայաստանի քաղաքացի է:
Զինապարտութեան մասին օրէնքին մէջ առաջարկուող փոփոխութիւնները կը սահմանեն, որ այլ երկիրի քաղաքացին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալէ յետոյ կրնայ ազատ կացուցուիլ զինուորական ծառայութենէն, եթէ մինչեւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ընդունիլը նուազագոյնը 12 ամիս ծառայած է այլ պետութեան մը բանակին մէջ:
Ինչ կը վերաբերի ընտրական իրաւունքին, ապա նախարարը նշեց, որ պայմանաւորուած այն մտահոգութեամբ՝ որ երբեք չբնակելով Հայաստանի մէջ, մարդիկ կրնան ազդեցութիւն ունենալ ընտրական գործընթացներուն վրայ, առաջարկուած են փոփոխութիւններ ընտրական օրէնքին մէջ եւ փոփոխութիւններու հիմնական սկզբունքը այն է, որ Հայաստանի տարածքէն դուրս Հայաստանի ընտութիւններ տեղի չունենան եւ որեւէ երկքաղաքացի, եթէ կ’ուզէ մասնակցիլ հայաստանեան ընտրութիւններուն, այդ պահուն պէտք է գտնուի Հայաստանի մէջ:
Փաթեթը ներկայացնելէ յետոյ նախարարը պատասխանեց պատգամաւորներու հարցումներուն: Քննարկումները պիտի շարունակուին նաեւ այսօր, Փետրուար 8ի նիստին: