ՊԱՂՏԱՏ, ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Հոշիար Զեպարի Երկուշաբթի, Յունուար 15ին պահանջեց, որ ամերիկեան ուժերը ազատ արձակեն անցեալ շաբաթ Արպիլի մէջ անոնց կողմէ ձերբակալուած հինգ իրանցիները՝ պնդելով, որ անոնք կ՚աշխատէին դիւանագիտական օրինաւոր ներկայացուցչութեան մը մէջ։
«Պէտք չէ մոռնանք, որ մեր՝ իրաքցիներուս ճակատագիրն է ապրիլ աշխարհի այս անկիւնին մէջ եւ պէտք է ապրինք Իրանի, Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ այլ երկիրներու հետ», ըսաւ ան:
Ամերիկեան զինուորական աղբիւրներ հաստատեցին, որ հինգ իրանցիները կապ ունէին Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հետ եւ կը զինէին Իրաքի ըմբոստ խմբակներ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մուհամմատ Ալի Հիւսէյնի Կիրակի օր կրկնած էր, որ հինգ իրանցիները պաշտօնական ու օրինաւոր հիւպատոսական աշխատանքով կը զբաղէին։
Իրան եւս պահանջեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան ուժերը անմիջապէս ազատ արձակեն իրանցի հինգ քաղաքացիները:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ յարձակումի ենթարկուած շէնքին բացումը կատարուած է 1992ին եւ անիկա պաշտօնապէս արձանագրուած է իբրեւ Իրանի հիւպատոսարան, մինչ Պաղտատի իշխանութիւնները կ՚ըսեն, թէ ան դիւանագիտական ներկայացուցչութեան գրասենեակ մըն էր, որ իբրեւ հիւպատոսարան գրանցուելու ընթացքին մէջ էր:
Իրան պնդեց, որ գրասենեակն ու հոն գործող պաշտօնէութիւնը պէտք է դիւանագիտական անձեռնմխելիութիւն ունենային, եւ այդ գրասենեակին վրայ ամերիկեան յարձակումը ապօրինի է: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց. «Ամերիկացիները կ՚ուզեն Իրաքի մթնոլորտը արմատականացնել՝ իրենց բռնագրաւումը արդարացնելու համար»:
Սպիտակ տունը արդարացուց իրանցիներու ձերբակալութիւնը, մինչ փոխնախագահ Տիք Չէյնի աւելցուց, որ «Իրան Իրաքի պղտոր ջուրերու մէջ ձուկ կ՚որսայ»: