Ազգի մը կեանքը բազմաթիւ ազդակներու ներգործութեամբ կը ձեւաւորուի, շօշափելի արտայայտութիւններու կը վերածուի, զարգացման հոլովոյթ մը կ’ապրի, փորձառութիւններ ձեռք կը բերէ, ինքնահաստատման իր նախադրեալները կ’ընտրէ, սեփական հաւաքական հոգեբանութիւն եւ նկարագիր կ’իւրացնէ, ինքնութեան իր առանձնայատկութիւնները կը բիւրեղացնէ, իր ունակութիւններն ու տաղանդները կը մշակէ։ Մէկ խօսքով, ազգային իր անհատականութիւնն ու բառին լայն առումով իր քաղաքական մշակոյթը կը ստեղծագործէ:
Հայ ազգը իր իւրայատուկ պատմութիւնը ապրած է։ Առհասարակ ցուրտ եւ փոթորկոտ պայմաններու մէջ իր գոյութիւնը քարշ տուած է։ Իր հաւաքական յիշողութեան մէջ, հայ ազգը յարաբերաբար քիչ ժամանակաշրջաններ ապրած է իր սեփական անկախութեամբ։ Սակայն, ինչպէս կը սիրենք ըսել, անկախութեան գաղափարը միշտ վառ պահած ենք մեր հոգիին ու միտքին մէջ, իբրեւ ձգտում, իբրեւ ազգային երազ։
Փակագիծ մը բանալով, կարեւոր կը համարենք մեր ազգային քաղաքական անհատականութեան առարկայական ու աննախապաշար ինքնաքննարկումն ու ինքնաճանաչման գիտական վերլուծումը։ Մեր ազգային նկարագրի թոյլ, երբեմն ենթակայական, ոչ գիտական մտապատկերները մեզ մղած են թիւր հայու տիպարի սահմանումին։ Ո՞վ է հայը. որո՞նք են իր ազգային անհատականութեան թոյլ մասերը, իսկ որո՞նք են անոր դրական յատկանիշները։ Իրատեսութիւնը ցոյց պիտի տայ մեր քաղաքական հասունութեան մակարդակը։
Այս ընդհանուր ներածական մատնանշումներու լոյսին տակ եւ անոնց շրջագիծին մէջ աւանդական հայ քաղաքական կուսակցութիւններու դերակատարութեան ներքին վերարժեւորման հրամայականը զգալի դարձած է։ Հայաստանի անկախութեամբ եւ, առ այդ, հայ պետականութեան մտածողութեան առարկայականացման գործընթացի բերումով, այդ երեք կուսակցութիւնները հայրենացման հոլովոյթէ մը կ’անցնին. հայ ուրոյն պետութեան մը տասնհինգամեայ համեմատական կարճ կենսափորձը ցոյց կու տայ, որ նոր պայմաններու համապատասխան նոր պատշաճեցումներ դարձած են անխուսափելի, ինչ կը վերաբերի վերոյիշեալ կուսակցութիւններուն։ Հայրենի նորաստեղծ քաղաքական կուսակցութիւնները այդ պատշաճեցման հարցը չեն դիմագրաւեր. անոնք ալ, իրենց կարգին, կը դիմագրաւեն մարտահրաւէրը՝ խորհրդային տիպի միակուսակցական դրութեան միատեսակ եւ կրաւորական մասնակցութեան, ինչպէս նաեւ միանձնեայ ղեկավարութեան մը սահմանափակումներու եւ կաշկանդումներու ամբողջ լուծի մը թօթափման։
Իր Օրուան հանդիսութեանց ճամբով Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր առաջադրանքներուն, կատարուած գործունէութեան եւ քաղաքական կեցուածքներուն արժեւորման համար կը ներկայանայ հայ ժողովուրդին։ Արտերկրի հայութեան հետ կիսեց Սփիւռքի եօթտասնամեայ կեանքը. ապրեցաւ անոր պաղ ու տաք օրերը. իր մասնակցութիւնը բերաւ սփիւռքահայութեան ներազգային կեանքին կազմակերպման. հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին գաղափարական եւ ազգային իւրայատկութեան դիմագիծը բնորոշեց։ Հայաստանի խորհրդանիշը մնայուն կերպով վառ պահեց սփիւռքահայ նոր սերունդներուն հոգիներուն մէջ, երբ հակադաշնակցական պայքարը կը հովանաւորուէր Խ. Միութեան կողմէ։ Հայրենիքի ժողովուրդի ֆիզիքական ապահովութիւնը եւ Հայաստանի անդորրութիւնը իր քաղաքական վարքագիծի առանցքը կազմեցին։ Սփիւռքահայութեան տեւաբար յիշեցուց, որ Սփիւռքը լոկ ժամանակաւոր կայան է. հայու միտքն ու հոգին կը բաբախէ Հայաստանին ու անոր ամբողջականութեան, հայութեան ու անոր միայն մէկ հայութեան տեսլականին համար։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը սխալներ եւ թերի հաշուարկումներ ունեցաւ, սակայն երբեք չունեցաւ կանխամտածուած հայավնաս ու հայրենավնաս դիրքորոշումներ։ Կուսակցական նեղ մտայնութիւններ, հաւանաբար նաեւ ծայրայեղութիւններ իրենց ժխտական հետեւանքները ունեցան. այս ծիրին մէջ, գաղափարական սուր պայքարի օրերուն քաղաքական առարկայականութիւնը ընկրկումներ ունեցաւ եւ եղան Դաշնակցութիւնը հայութենէն վեր դասելու յայտարարութիւններ։ Նաեւ հայրենադաւութեամբ ամբաստանուեցաւ հակադաշնակցական շրջանակներու կողմէ, որոնք սակայն կիրքի եւ անհանդուրժողութեան մթնոլորտի հակազդեցութեան օրինակ են։ Անշուշտ, նման մօտեցում ընդունելի չէ, արդարացուցիչ չէ։ Իսկ նման սխալներ ընդունիլը եւ զանոնք սրբագրելը նոյնքան խրախուսելի է եւ քաղաքականօրէն՝ վեհ։
Դաշնակցութիւնը անսխալական չէ եղած. սակայն անսխալական եղած է ան իր քաղաքական դաւանանքին մէջ, յատկապէս ամբողջական Հայաստանի ու ամբողջական Հայութեան ու անոր բովանդակ շահերու նուիրեալ պաշտպանը ներկայանալու իր վճռականութեան մէջ։ Առանց յաւակնոտ ըլլալու, համոզումով կ’ընդգծենք, որ Դաշնակցութեան ներուժին աղբիւրը իր գաղափարական աշխարհահայեացքն է, իր քաղաքական ծրագիրով։ Կարելի է ջնջել Դաշնակցութիւնը իբրեւ լոկ կազմակերպութիւն. սակայն անոր դաւանած գաղափարներն ու աշխարհահայեացքը, որոնք սերտօրէն առնչութիւն ունին հայ ազգի պատմութեան, նկարագիրին ու անհատականութեան հետ, իրենց լայն իմաստով, հնարաւոր չէ անջատել հայ ազգի պատմական ակունքներէն։
Եթէ առ ի չգոյէ հայ անկախ պետական կարգի, օրուան պայմաններուն բերումով աւանդական հայ երեք կուսակցութիւնները նաեւ պետութեան մը վերապահուած պատասխանատուութիւններ ստանձնեցին, քաղաքական կուսակցութեան մը եւ պետութեան մը գործադաշտերու միախառնումը ժամանակի ընթացքին ստեղծեց այնպիսի իրավիճակ մը, ուր պետութիւն եւ կուսակցութիւն կորսնցուցին իրենց ներքին իւրայատկութիւնները եւ իբրեւ «գործադաշտ» նոյնացան, առնուազն մտածելակերպի մը սահմաններուն մէջ։ Այս նոյնացումը իր ոչ օգտակար հետեւանքները ունեցաւ։ Մեր մտահոգութիւն-ընդգծումը յաւելեալ պարզելու համար, «կուսակցութիւն» եզրը համազօր եղաւ «պետութիւն» եզրին հետ։ Ուրիշ խօսքով, միջոցն ու նպատակը արուեստականօրէն համահաւասարեցան, գէթ իբրեւ մտածում։ Ինչ որ, տեղ մը ունեցաւ իր ոչ դրական ազդեցութիւնը։
Քաղաքական կազմակերպութեան մը անդամակցութիւնը նպատակ չի կրնար ըլլալ. օրինակ, անհատ մը դաշնակցական կ’անդամագրուի կամ կը դառնայ, ոչ թէ սոսկ ծառայելու համար Դաշնակցութեան, այլ Դաշնակցութեան ճամբով ծառայելու համար Հայաստանին ու Հայութեան գերագոյն շահերուն եւ կամ նպատակներուն։ Սա քաղաքացիի մը տարրական գործադաշտերէն մէկն է միայն։ Դաշնակցութեան կամ այլ հայ քաղաքական կազմակերպութեան կամ կուսակցութեան մը անհատ մը չի փափաքիր ինքնանպատակ կերպով մաս կազմել։ Եթէ այդպէս չէ, այն ատեն, ենթական թիւրիմացութեան մէջ կը գտնուի։ Ուրեմն, անդամակցութիւնը այս կամ այն քաղաքական մտածողութեան միմիայն միջոց մը կրնայ ըլլալ։
Հայ պետականութեան հզօրացումն ու ամրակայումը ազգային նպատակներէն մէկն է, որպէսզի հայ անհատը իր մասնակցութեան բաժինը բերէ հայրենիքի բարօրութեան, բարգաւաճման, անոր անդորրութեան պահպանման, տնտեսական զարգացման եւ մանաւա՛նդ արդարադատութեան անաչառութեան, ժողովուրդի վստահութեան մթնոլորտի կայացման։ Այդ նպատակի իրականացման համար, հայ պետական ղեկավարութիւնը, իր լայն իմաստին մէջ, պէտք է ձգտի ապահովել իւրաքանչիւր քաղաքացիի մասնակցութիւնը։ Այլապէս, պետական վարչամեքենայ կոչուած կառոյցը կը վերածուի անարդարութեան, կեղեքումի, առանձնաշնորհումի, անհատական ազդեցութեան գերակշռութեան գործիքի մը, մինչ երկիրը՝ օտար ուժերու թափանցման թիրախի։ Սակայն, եթէ պետական ղեկավարութիւնը քայլ առ քայլ անհատական ազդեցութիւնները հակակշռէ եւ համակարգային հակակշիռի վերածէ զանոնք, այն ատեն հայ քաղաքական մթնոլորտը կ’առողջանայ, ստեղծելով թափանցիկութիւն, հակակշռումի անկախ կարգեր, իշխանութեան տարանջատում եւ իրաւական մարմինի անկախութիւն։ Խաբկանքը չունինք, որ սա վաղն իսկ կախարդական հպումով մը սրբագրուի. սակայն նոյնքան խաբկանքը պէտք չէ ունենանք, որ սպասելով, դիտելով, ձեռնածալ մնալով հայրենի քաղաքական փտածութիւնը կրնայ չքանալ։ Նախանձախնդիր ըլլալով մէկտեղ, իբրեւ քաղաքական ուղղութիւն եւ իբրեւ գաղափարական շարժում, չենք կրնար կրաւորական դիրք բռնել։ Դրական նախաձեռնութիւնները գնահատել, ինչպէս նաեւ ժխտական միջոցառումները դատապարտել եւ անոնց ճիգ թափել զանոնք սրբագրելու։ Այս ծիրէն ներս, վարչակազմին մաս կազմելը ինքնանպատակ չէ։
Հայաստանի անկախութեան պահպանումն ու անոր յարատեւօրէն հզօրացումը բացարձակ պարտաւորութիւն է իւրաքանչիւր հայու համար, անկախ, թէ ան ընկերային, հանրային, արհեստագիտական, քաղաքական, իմաստասիրական, կրօնա-յարանուանական ինչ համոզումի թէ համակրանքի, վերապահութեան թէ տարակարծութեան տէր անհատ մըն է։ Իբրեւ Դաշնակցութիւն, հետամուտ ենք սատարելու հայութեան անխտիր բոլոր տեսակի եւ պատկանելիութեան կարողականութիւններու համախմբումին, որպէսզի Հայութեան Գոյամարտը – գլխագիր – Սարդարապատի ոգիով եւ անձնուրացութեամբ հայ ժողովուրդը հասցնէ իր բարօր վախճանին։ Ճաշակի եւ նախասիրութեան հարցեր չեն Հայաստանի Անկախութիւնը, հայրենի ժողովուրդի ազատ քաղաքացիի իրաւունքները, օրէնքի անկողմնակալ եւ թափանցիկ արդարութեան կիրառումը եւ մանաւանդ հայ մարդու մտածումի եւ տարակարծութեան ազատութեան իրաւունքը։
Այլապէս, վաղն ուշ կ’ըլլայ։ Իսկ զղջումը՝ անհեթեթ։