ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Շաբաթ, 6 Յունուար 2007ին, Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, հայ ժողովուրդը խանդավառութեամբ դիմաւորեց Փրկչին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ պատարագեց եւ հայրապետական իր պատգամը տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Պետական ներկայացուցիչներու եւ մեծաթիւ հաւատացեալ բազմութեան ներկայութեան, վեհափառ հայրապետը Ս. Ծննդեան տօնի վերանորոգող խորհուրդէն մեկնելով, խօսեցաւ ներկայ կեանքէն եկող մարտահրաւէրներուն ու մեր ազգի կեանքը յուզող հիմնական հարցերուն շուրջ:
Վեհափառ հայրապետը օրուան իր պատգամին բնաբանը ընտրած էր Քրիստոսի ծնունդը աւետող հրեշտակներուն երգին հետեւեալ բառերը. «Աշխարհին մէջ խաղաղութիւն ու մարդոց միջեւ հաշտութիւն»։ Ան յիշեցուց, թէ Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը սկիզբն էր մարդոց միջեւ հաշտութեան։ Աշխարհին մէջ քէն ու ատելութիւն կը տիրէր, անարդարութիւն ու պատերազմ կար։ Քրիստոս կու գար ատելութիւնը սիրոյ ու քէնը հաշտութեան փոխելու։
Ակնարկելով ներկայ աշխարհին, Արամ Ա. կաթողիկոս ըսաւ, որ տարբեր չէ ներկայ աշխարհին վիճակը այսօր. ամէն տեղ քինախնդրութիւն, լարուածութիւն ու պատերազմ կը հեռացնեն մարդիկը իրարմէ եւ Աստուծմէ։ Որեւէ ժամանակէ աւելի այսօր, հետեւաբար, աշխարհը պէտք ունի սիրոյ ու համերաշխութեան։ Արդ, պէտք է դառնալ Բեթղեհէմին։
Ապա վեհափառ հայրապետը խօսեցաւ Լիբանանի մասին, սպառիչ կերպով արտայայտուելով անոր ներկայ դրութեան, քաղաքական զարգացումներուն ու յատկապէս անոր կեանքի բոլոր բնագաւառներէն ներս հայութեան դերակատարութեան:
Վեհափառ հայրապետը այս մասին ըսաւ. «Արդարեւ, կը գտնուինք բազմաթիւ ու բազմատեսակ հարցականներու ու վտանգներու դիմաց։ Լիբանանը կը քանդենք, ժողովուրդը կը մղենք յուսախաբութեան ու մարդու արժանապատուութիւնը կ՚ոտնակոխենք։ Ո՞ւր ենք մենք որպէս հոգեւոր պետեր. ո՞ւր են պետական պատասխանատուները, ո՞ւր են ընկերութեան կեանքին մէջ գործող կառոյցները, քաղաքական թէ կուսակցական պատասխանատուները։ Քաղաքական հասունութեան ու ազգային պատասխանատուութեան պակաս մը կայ։ Քաղաքական մշակոյթը ամբողջութեամբ սնանկութեան սեմին է։
«Իրաւունք չունինք Լիբանանը ներկայ վիճակին հասցնելու, ժողովուրդի ճակատագրին հետ խաղալու։ Այսքան տառապանք, այսքան քանդում, այսքան արիւն շատ է այս երկրին։ Մեղք է այս ժողովուրդին։ 30 տարի պատերազմ, ստրկութիւն, աղքատութիւն ու արիւն միայն տեսաւ այս ժողովուրդը։ Ամբողջ սերունդ մը այս պայմաններուն մէջ կազմաւորուեցաւ։ Ձգեցէ՛ք, որ այս ժողովուրդը ապրի խաղաղութեամբ ու արժանապատուութեամբ։
«Լիբանանը չի՛ կրնար այլեւս շրջանային ու միջազգային հակամարտութիւններու թատերաբեմը դառնալ։ Հերիք է այլեւս ուրիշը մտիկ ընենք, ուրիշին հետեւինք, ուրիշին ըսածը կրկնենք (որ երէկ տարբեր էր, այսօր տարբեր եւ վաղը կրնայ բոլորովին տարբեր ըլլալ)։ Ուրիշը կը գործէ իր շահերէն մեկնած. լիբանանցին պէտք է գործէ ի՛ր երկրի շահերէն մեկնած։ Առիթ չտանք, որ ուրիշներ միջամուխ դառնան մեր տան ներքին հարցերուն։ Որքան ալ յարգելի ըլլան ուրիշները, մեզի համար Լիբանանի գերագոյն արժէքները անսակարկելի են։
«Ներքին ճակատի վրայ տնտեսական տագնապ, յուսալքում, արտագաղթ. իսկ արտաքին ճակատի վրայ՝ Լիբանանի նկատմամբ անվստահութիւն ու անապահովութիւն։ Այս երեւոյթը դէմ է լիբանանեան արժէքներուն, Լիբանանի արժանապատուութեան։ Զգաստանանք այլեւս։ Ո՞ւր կ՚երթայ այս երկիրը. ո՞ւր կ՚առաջնորդենք գոյակցութեան ու երկխօսութեան տիպար մեր գեղեցիկ Լիբանանը։
«Ո՛չ ոք թող կարծէ, թէ իրաւունքը իր մօտ է. իրաւունքը Լիբանանի՛ն կը պատկանի։ Ո՛չ ոք իրաւունք ունի Լիբանանը միայն ի՛րը նկատելու. Լիբանանը բոլորի՛ն կը պատկանի։ Ո՛չ ոք թող կարծէ, թէ ինք աւելի՛ լիբանանցի է. բոլո՛րս ալ հաւասարապէս լիբանանցիներ ենք, հայրենասէր ենք եւ Լիբանանի անկախութեան, ազատութեան, ազատագրութեան հաւատաւոր զինուորներն ենք։ Լիբանանը ո՛չ մեծամասնութեան կը պատկանի եւ ո՛չ ալ փոքրամասնութեան, այլ բոլորի՛ն հաւասարապէս։ Լիբանանը համակեցութեան երկիր է։ Լիբանանը չի կրնար ո՛չ կողմի մը, ո՛չ մեծամասնութեան մը, ո՛չ համայնքի մը տեսակէտներուն ենթակայ դառնալ։ Այլապէս կը խախտի գոյակցութիւնը՝ Լիբանանի գոյութեան հիմքը, եւ Լիբանան կը կորսնցնէ իր իւրայատուկ ինքնութիւնը ու կոչումը։
«Լիբանանին մէջ «փոքրամասնութիւն» ու «մեծամասնութիւն» չկայ, այլ միասին ապրելու հաւաքական ուխտ մը կայ։ Արդ, եթէ խորհրդարանական մեծամասնութեան կողմէ տրուած որոշումները վնասաբեր են ու ներքին բաժանուածութիւն կը յառաջացնեն, անընդունելի են։ Եթէ խորհրդարանական փոքրամասնութեան առած քայլերը վնասաբեր են երկրին, դարձեալ անընդունելի են։ Ա՛յս գիտակցութեամբ ու քաղաքական հասունութեամբ պէտք է գործել՝ պետական կառոյցներու ճամբով։
«… Պահ մը դիտենք մեր շուրջը։ Երիտասարդները կը հեռանան, իմացական կարողութեամբ օժտուած մարդիկ կը պակսին, որակը կը նուազի, Լիբանանի նկատմամբ հաւատքը կը նահանջէ. Լիբանանը կը հիւծի. տակաւին զիրար կը հարուածենք ու չենք անդրադառնար կացութեան լրջութեան»։
Ապա, վեհափառ հայրապետը խօսելով Լիբանանի հայութեան կեցուածքին Լիբանանը յուզող հարցերու նկատմամբ, ըսաւ. «Մենք անտարբեր չենք, մենք տեսակէտ ունինք։ Մենք չէզոք չե՛նք, մենք կեցուա՛ծք ունինք։ Մենք հետեւող չենք, մենք մասնակի՛ց ենք։ Մեր գաղութին կեցուածքը հիմնուած է Լիբանանի գերագոյն շահերուն վրայ։ Ո՛չ կողմնակի եւ ոչ ալ ուրիշին շահերու վրայ, այլ՝ Լիբանանը համայնքային գոյակցութեան երկիր դարձնող հիմնական սկզբունքներուն ու արժէքներուն վրայ»։
Վեհափառ հայրապետը ողջունեց Լիբանանի հայութեան միասնականութիւնը, որ զանազան առիթներով իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտած էր անցնող տարուան ընթացքին։ Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Հակառակ իր դիմագրաւած դժուարութիւններուն, Լիբանանի հայութիւնը այսօր միակամ է, իր կառոյցները կը գործեն կենսունակութեամբ։ Սակայն պէտք է կատարել աւելին, այս գաղութը համազգային դերակատարութիւն ունի։ Ան պարտաւորութիւններ ունի ամբողջ Սփիւռքին նկատմամբ։ Պարտաւորութիւններ ունի նաեւ Հայաստանի նկատմամբ։ Հետեւաբար, Լիբանանի հայութիւնը այս յանձնառութեամբ պէտք է կազմակերպէ իր ազգային կեանքը»։
Պատարագէն անմիջապէս ետք եւ մինչեւ ուշ երեկոյ, վեհափառ հայրապետը վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց հոգեւորական, պետական, դիւանագիտական, քաղաքական եւ կուսակցական օտար անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ ազգային կրօնական, թաղականական, հոգաբարձական, քաղաքական, ընկերային, միութենական եւ բարեսիրական կազմեր, որոնք Ս. Ծննդեան տօնին առիթով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին իրեն:
Օր մը առաջ, 5 Յունուարին տեղի ունեցաւ Ճրագալոյցի պատարագ: Մայր տաճարին մէջ պատարագեց Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան: Ապա վանական աւանդութեան համաձայն, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վանքի սեղանատունը, ուր տեղի ունեցաւ վերջին աւետարանի ընթերցում, որմէ ետք բոլոր ներկաները ողջունեցին զիրար ըսելով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ, ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս»: