ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան Յունուար 16ին ընդունեց ԵԱՀԿ Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԺՀՄԻԳ) տնօրէն, դեսպան Քրիսթիան Շթրոհալը: Անոնք քննեցին ԵԱՀԿի այս հիմնարկի եւ Հայաստանի միջեւ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն կապակցութեամբ գործակցութեան հարցեր:
Ըստ նախագահ Քոչարեանի, Հայաստանի իշխանութիւնները շահագրգիռ են կազմակերպելու իսկապէս որակեալ ընտրութիւններ՝ զերծ ենթակայական տարրերէ:
Խօսակիցները քննեցին նաեւ ընտրական գործընթացներուն մէջ դիտորդական առաքելութեան առնչուող հարցեր:
Նոյն օրը, Շթրոհալ հանդիպումներ ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանի, ԱԺ նախագահ Տիգրան Թորոսեանին եւ Աժ խումբ-խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: