ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Համաշխարհային դրամատան երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռաճըր Ռապինսըն Հայաստանի մէջ իր առաքելութիւնը աւարտելու կապակցութեամբ, Հոկտեմբեր 17ին հրաժեշտի հանդիպում ունեցաւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Աղուան Վարդանեանին հետ:
Հանդիպման ժամանակ նախարարը նշեց, որ Հայաստանի ընկերային ապահովութեան ոլորտին մէջ իրականացուող լայնածաւալ բարեփոխումներու սահուն ընթացքը պայմանաւորուած էր նաեւ Ռապինսընի անհատական մօտեցումով:
Ռապինսըն գոհունակութեամբ խօսեցաւ Հայաստանէն ստացած տպաւորութիւններուն, արդիւնաւէտ աշխատանքին, մարդկային ջերմ յարաբերութիւններուն մասին: