ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Փետրուար 6ին, բնութեան պետական թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ արուեստագէտ Կարէն Սամարգաշեանի անհատական ցուցահանդէսին, ուր ներկայացուած են 45 ծովանկարներ եւ նաւերու 7 մանրակերտներ:
Ըստ թանգարանի տնօրէն Վահագն Մինասեանի, Կ. Սամարգաշեանի արուեստը շատ ինքնատիպ է եւ բացառիկ. «Նա ունի գոյնի հիանալի զգացողութիւն, ինչը թոյլ է տալիս ենթադրել, որ հետագայում նրա արուեստն աւելի մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելի», ըսաւ թանգարանի տնօրէնը: Ան նշեց նաեւ, որ այժմ ծովանկարչութեամբ հայ վարպետներէն քիչեր կը զբաղին:
Նշենք, որ սա Կարէն Սամարգաշեանի 4րդ անհատական ցուցահանդէսն է: