ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճիւլի Ֆինլի Հոկտեմբեր 17ին երկօրեայ այցով ժամանեց Հայաստան:
Երեւանի ամերիկեան դեսպանատունը հաղորդեց, թէ այցի ընթացքին Ֆինլի հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական պաշտօնատարներու, ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի, քաղաքացիական հասարակութեան առաջնորդներու եւ մամուլի ներկայացուցիչներուն հետ: Այս հանդիպումներու ընթացքին դեսպանը պիտի քննէ ԵԱՀԿի հելսինքեան վերջնական փաստաթուղթէն բխող շարք մը հարցեր: Անդրադարձ պիտի կատարուի Հայաստանի մէջ քաղաքացիներուն իրաւունքներ եւ ազատութիւններ ընձեռնելու հարցերուն՝ ինչպէս ազատ եւ անկախ մամուլի ապահովում, բաց եւ ներկայացուցչական քաղաքական համակարգի խթանում եւ պայքար՝ ընդդէմ մարդկային մաքսանենգութեան:
Դեսպան Ֆինլին պիտի այցելէ Ղալթախչի, ուր ԵԱՀԿի կողմէ կը գործադրուի թունաւոր վառելանիւթի վնասազերծման ծրագիր: Այս ծրագիրով, Պաղ պատերազմի օրերէն մնացած հրթիռային վառելանիւթի պաշարները, որոնք լուրջ վտանգ կը ներկայացնեն շրջակայ միջավայրի համար, կը վերամշակուին եւ կը վերածուին անվնաս պարարտանիւթի: