ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը Փետրուար 7ին այցելեց Արագածոտնի մարզ եւ հանդիպումներ ունեցաւ Կոշ, Արուճ գիւղերու միջնակարգ դպրոցներու ուսուցչական կազմին հետ:
Նախարարը յայտնեց, որ քանի մը տարի առաջ Կոշի միջնակարգ դպրոց իր այցելութեան ընթացքին քննուած էին եղածը պահպանելու հարցեր, այժմ կը քննուին դպրոցի հեղինակութեան բարձրացման, շէնքային, գոյքային, ուսուցիչներու ընկերային խնդիրները լուծելու եւ կրթութեան որակի բարձրացման հարցերը:
Նախարարը նշեց, որ, բացի դպրոցներու շէնքային պայմաններէն, կայ երկու խնդիր եւս՝ տարրալուծարաններ եւ գրադարաններ: Համաշխարհային դրամատան տրամադրած գումարով կը լուծուի դպրոցական գրադարաններու խնդիրը, իսկ տարրալուծարաններու հարցը, ըստ նախարարի, աւելի հեշտ կ’ըլլայ լուծել աւագ դպրոցներ ունենալու ընթացքին:
Պատասխանելով ուսուցիչներու վերապատրաստման առնչուող հարցերուն՝ նախարարը պատասխանեց, որ 40 հազար ուսուցիչներէն վերապատրաստուած են ընդամէնը 17 հազարը, ուստի դպրոցի որակի բարձրացման մասին խօսիլ հնարաւոր կ’ըլլայ ուսուցիչներու վերապատրաստումէն յետոյ:
Ուսուցիչները նախարարին ուղղեցին զանազան խնդրանքներ՝ տրամադրել ռազմագիտութեան դասերու համար ուսումնական զէնք եւ մարզական գոյք: Նախարարը խոստացաւ բաւարարել ուսուցիչներու խնդրանքը: