ՇԱՆԿՀԱՅ, «Ռոյթըրզ».- Կիրակի, Նոյեմբեր 12ին, արհեստավարժ թենիսի լաւագոյն ութ թենիսմէնները մէկտեղող «Մէսթըրզ բաժակ»ի մրցաշարքի առաջին մրցումին, թիւ 1 դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետէրէր ճակատեցաւ տիտղոսակիր Դաւիթ Նալպանտեանի դէմ (7րդ), թէեւ առաջին սէթին պարտուեցաւ, սակայն յաջորդ երկու սէթերը յաղթելով, տարաւ վերջնական յաղթանակը՝ 3-6, 6-1, 6-1 արդիւնքով:
Արժանթինահայ Նալպանտեան անցեալ տարուան մրցաշարքը եւս նման պարտութեամբ սկսաւ, սակայն ան յաջողեցաւ տիրանալ տիտղոսին, աւարտականին պարտութեան մատնելով նոյնինքն Ֆետէրէրը:
Ֆետէրէր, որ 2003ին եւ 2004ին տիրացած էր այս մրցաշարքի տիտղոսին, ամէն գնով կը փորձէ հանդիսանալ առաջին մարզիկը, որ երրորդ անգամ ըլլալով պիտի տիրանայ այս տիտղոսին:
Մրցաշարքին մասնակցող ութ մարզիկներ բաժնուած են երկու խմբակի: Առաջին խմբակին մաս կը կազմեն՝ Ֆետէրէր, Ռաֆայէլ Նատալ, Նալպանտեան եւ Ճէյմս Պլէք, իսկ Բ. խմբակին՝ Նիքոլայ Տաւիտենքօ, Իվան Լիուպիչիչ, Էնտի Ռոտիք եւ Թոմի Ռոպրետօ: Ա. հանգրուանին իւրաքանչիւր մարզիկ կը կատարէ երեք մրցում: