ՄԵՔՔԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին, «Համաս»ի եւ «Ֆաթհ»ի ղեկավարութիւնները Մեքքայի մէջ յայտարարեցին, թէ ազգային միասնականութեան կառավարութեան կազմութեան շուրջ նախնական համաձայնութիւն մը գոյացած է արդէն, սակայն կողմերը կը շարունակեն տարակարծիք մնալ բոլորին կողմէ ընդունելի քաղաքական վարքագիծ մը որդեգրելու հարցին շուրջ:
Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն ապտէլ Ազիզ թագաւորի հրաւէրին ընդառաջելով՝ «Ֆաթհ»ի ղեկավար եւ պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ «Համաս»ի պատուիրակութիւնը, զոր կը գլխաւորեն շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Խալէտ Մեշաալ եւ պաղեստինեան իշխանութեան վարչապետ Իսմայիլ Հանիյէ, նախ անջատ հանդիպումներ ունեցան Ապտալլա թագաւորին հետ:
Երկու կողմերուն միջեւ բանակցութիւններուն ոչ մէկ սէուտցի պաշտօնատար կը մասնակցի, իսկ բանակցութիւններու նիստերը կը գումարուին իսլամներու սրբավայր Մեքքայի մէկ պալատին մէջ, որ կը նայի ուխտավայր «Քաապա»ին:
Ապպաս ըսաւ, որ իր պատուիրակութեան անդամները իրենց համակիրներուն ըսած են, որ «այս սուրբ վայրէն պիտի չմեկնինք, մինչեւ որ համաձայնինք ամէն բարիքի շուրջ. Աստուծոյ կամքով կը համաձայնի՛նք: Մեր ժողովուրդին կ՚ըսեմ, որ պէտք է ակնկալէ լաւ լուրեր, եւ յոյս ունիմ, որ այս ժողովը յօդս ցնդող խօսքերէ աւելին կու տայ»:
Իր կարգին, Մեշաալ ըսաւ. «Հոս եկած ենք համաձայնելու, եւ համաձայնելէ զատ ընտրանք չունինք»: Ան նաեւ ըսաւ, որ երկու շարժումները իրենց համակիրներուն պէտք է փոխանցեն, որ ամէն գնով պէտք է յարգել զինադուլը:
Ըստ պաղեստինեան աղբիւրներու, նախնական համաձայնութեան շնորհիւ Հանիյէ պիտի պահէ վարչապետի պաշտօնը, մինչ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնին համար «Համաս» Ապպասի պիտի առաջարկէ հինգ անկախ թեկնածուներու անուններ, որոնցմէ մէկը նախարար պիտի նշանակուի: Ապպաս նաեւ փոխվարչապետ մը պիտի նշանակէ:
Կառավարութեան ինը նախարարները պիտի ըլլան «Համաս»էն, վեցը՝ «Ֆաթհ»էն, իսկ խորհրդարանին մէջ երեսփոխաններ ունեցող միւս չորս կուսակցութիւններէն իւրաքանչիւրը պիտի ունենայ նախարար մը: Ներքին նախարարին կողքին, անկախ թեկնածուներ պիտի առաջադրուին արտաքին գործոց եւ ելեւմուտքի նախարարներու պաշտօններուն համար:
Իսրայէլ եւ Արեւմուտքը կը մերժեն ժողովրդավարական ընտրութիւններով իշխանութեանց գլուխ անցած «Համաս»ի հետ գործակցիլ, նեղ կացութեան մատնելով պաղեստինեան իշխանութիւնը: