ԹԷԼ ԱՒԻՒ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլեան մամուլը հաղորդեց, որ ընդհանուր դատախազութիւնը Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին սկսած է պատրաստել երկրի նախագահ Մոշէ Քացաւի դէմ ամբաստանագիրի նախագիծը։
Կիրակի օր իսրայէլեան ոստիկանութիւնը յայտարարած էր, թէ հետաքննութեամբ ձեռք բերած են փաստացի տուեալներ, որ նախագահը բռնաբարած է իր գրասենեակի պաշտօնէուհիները:
Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը ըսաւ, թէ ընդհանուր դատախազը մինչեւ երկու շաբաթ պիտի որոշէ, թէ քրէական գործ պիտի յարուցէ՞ նախագահին դէմ։
Իսրայէլի արդարութիւն նախարարութեան բանբեր Մոշէ Քոհէն մերժեց հաստատել այդ տեղեկութիւնները կամ մեկնաբանութիւն կատարել։
Քացաւի պաշտպան փաստաբան Ցիոն Ամիր յայտարարեց, որ «եթէ ընդհանուր դատախազը Աստուած մի՛ արասցէ որոշէ, թէ քրէական հարց պիտի յարուցուի, ապա նախագահը վայրկեան մը իսկ պիտի չմնայ պաշտօնի վրայ»։
Քացաւ կը պնդէ, թէ սխալ չէ գործած եւ լրատուամիջոցները, առանց դատավարութեան, ամբոխին կողմէ պատիժի կ՚ենթարկեն զինք։
Միւս կողմէ, իսրայէլեան օրաթերթերը յայտնեցին, որ Քացաւի յաջորդելու թեկնածուներուն միջեւ մրցակցութիւնը արդէն սկսած է «տաքնալ»։ Գլխաւոր թեկնածուներէն մէկը Նոպէլեան մրցանակակիր, փոխվարչապետ Շիմոն Փերէզն է. այլ հաւանական թեկնածու մըն է նախկին նախարար եւ խորհրդային այլախոհ Նաթան Շարանսքի։