ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ Նախագահի Մամլոյ Գրասենեակ.- Նախագահ Քոչարեան Դեկտեմբեր 12ին ստորագրեց Հայաստանի 2007ի պետական ամավարկի, հասարակութեան եւ պետութեան կարիքներուն համար սեփականութեան օտարման մասին օրէնքները, նաեւ՝ քաղաքացիական եւ հողային օրէնսգիրքերուն մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին օրէնքները:
Նոյն օրուան նախագահի հրամանագիրներով վաղաժամկէտ դադրեցուած են Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի անդամ Սեւակ Առաքելեանի լիազօրութիւնները եւ Լիւպա Մեհրաբեան նշանակուած է Արդարադատութեան խորհուրդի անդամ՝ հինգ տարի ժամկէտով: