ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Փետրուար 8ի կանուխ ժամերուն, հարաւային Լիբանան հաստատուած լիբանանեան բանակին զինուորները կրակ բացին սահմանը խախտած իսրայէլեան ինքնաշարժներու վրայ, որու հետեւանքով կարճ ժամանակի մը համար զինեալ ընդհարումներ տեղի ունեցած իսրայէլեան եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ, սակայն մարդկային զոհեր չարձանագրուեցան:
Հարաւային Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին բանբեր մը «վտանգաւոր միջադէպ» որակեց լիբանանեան եւ իսրայէլեան բանակի միջեւ տեղի ունեցած ընդհարումը, խոստանալով քննել լիբանանեան այն ամբաստանութիւնը, թէ իսրայէլեան ուժերը խախտած են ՄԱԿի կողմէ երկրին սահմանագիծը նկատուող «կապոյտ գիծը»:
Քաղաքական գետնի վրայ, Հինգշաբթի օր կը նախատեսուէր Արաբական լիկայի քարտուղար Ամր Մուսայի Պէյրութ այցելութիւնը, սակայն այդ մէկը չիրականացաւ եւ անոր այցելութեան նոր թուական ցարդ չէ ճշդուած:
Ամր Մուսա ռուսական թերթի մը հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ առ այժմ Լիբանան վերադառնալու որոշում չէ տուած:
Շաբաթասկիզբը Լիբանանի քաղաքական գլխաւոր կողմերուն հետ խորհրդակցութիւններ ունեցած Մուսայի գրասենեակի տնօրէն Հիշամ Եուսէֆ մտահոգութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումներուն նկատմամբ եւ աւելցուց, թէ մտավախութիւններ ունի Լիբանանի ապագային նկատմամբ:
Եուսուֆ հաստատեց, որ Արաբական լիկան եւ անոր ընդհանուր քարտուղարը պիտի շարունակեն ամէն ճիգ ի գործ դնել՝ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի կացութեան վերջ տալու համար։
Վերջապէս, Միացեալ Նահանգներ այցելող Լիբանանի նախկին նախագահ Էմին Ժեմայէլ Հինգշաբթի օր Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նախագահ Ճորճ Պուշի հետ, քննելով Լիբանանի քաղաքական տագնապին առնչուող հարցեր, որմէ ետք Պուշ յայտարարեց, թէ կը շարունակէ նեցուկ կանգնիլ «ինքնավար եւ ժողովրդավար Լիբանանի մը»: