ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեան Իրաք կատարած պաշտօնական այցի ծիրէն ներս, Նոյեմբեր 14ին հանդիպում ունեցաւ Իրաքի իր պաշտօնակից զօր. Ապտըլ Քատէր Ալ Օպէյտի Մուհամատ Ճասէմի հետ:
Ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան, հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են Իրաքի ներքաղաքական իրավիճակին, Իրաքի եւ տարածաշրջանային ապահովութեան խնդիրներուն:
Իրաքի իր պաշտօնակիցին հետ, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարը քննեց նաեւ Իրաքի հայ համայնքի ապահովութեան կապուած խնդիրներ եւ այլ հարցեր:
Նոյն օրը նախարար Սարգսեան հանդիպեցաւ Իրաքի մէջ բազմազգ ուժերու հրամանատար Միացեալ Նահանգներու բանակի զօրավար Ճորճ Քէյսիի հետ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Կեդրոն-հարաւ բազմազգ ուժերու հրամանատար, լեհական բանակի զօրավար Պրոնիսլաւ Քուիաթովսքիին հետ:
Պաշտօնական հանդիպումներէն յետոյ նախարար Սերժ Սարգսեան ուղեւորուեցաւ հայկական զօրախումբի տարածք, զրուցեց խաղապահ առաքելութեան լծուած հայ սպաներու եւ զինուորներուն հետ, ծանօթացաւ անոնց ծառայութեան պայմաններուն: