ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ռոյթըրզ».- «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական օգնական Հիւսէյն Խալիլ Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին տուաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին ան բացայայտեց փաստաթուղթ մը, որ ցոյց կու տայ, թէ «Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ՝ երեսփոխան Սաատ Հարիրի մեղսակցած է Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին։ Խալիլ շեշտեց, որ պատերազմին ընթացքին Սաատ Հարիրիի կողմէ գործուղուած պատուիրակ՝ Ուիսամ Հասան, որ ներքին ապահովութեան ուժերուն մէջ ստեղծուած տեղեկութիւններու բաժինի պատասխանատուն է, բազմիցս ուզած է տեսնուիլ իրեն հետ՝ անձամբ, որպէսզի անոր փոխանցէ կարեւոր պատգամ մը՝ Սաատ Հարիրիէն։ Նամակը, որ գրուած է Սաատ Հասանի կողմէ, Նասրալլայէն կը պահանջէ պատուոյ խոստում մը՝ դիմադրութեան զէնքերը յանձնելու, որուն փոխարէն կը խոստանայ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան պատերազմը կասեցնել։
Խալիլ նաեւ Հասանը ամբաստանեց պատերազմին ընթացքին դիմադրութեան մասին լրտեսութիւն կատարելու յանցանքով եւ ըսաւ. «Անոնք կը խօսին պատիւին մասին։ Ի՞նչ պատիւով անոնք կը պահանջեն դիմադրութեան զէնքի յանձնումը, այլ խօսքով՝ ամերիկեան-իսրայէլեան պահանջի եւ պայմանի գործադրութիւնը»:
Սաատ Հարիրիի խորհրդական Հանի Համմուտ աւելի ուշ նշեց, որ Խալիլ, անտեսելով բերանացի խոստումները, այլափոխած է իրականութիւնները եւ աջ ու ձախ անհիմն ամբաստանութիւններ կատարած է։ Ըստ անոր, Նասրալլա դրժած է իր այն խոստումը, թէ 2006ի ամառը հանդարտ պիտի անցնի, որպէսզի առիթ չտայ Իսրայէլի Լիբանանի դէմ պատերազմ հռչակելու եւ հակառակը պատահած է:
Նկարին մէջ, բացայայտուած նամակը: