ՀՌՈՄ, «Ռոյթըրզ».- Հռոմի մեթրոյի ցանցին մէջ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 17ին տեղի ունեցած արկած մը պատճառեց առնուազն մէկ զոհ եւ 110 վիրաւոր, որոնցմէ հինգին վիճակը ծանր է։
Սրընթաց գնացքներէն մէկը բախած էր այլ գնացքի մը՝ մեծ վնասներ հասցնելով անոր։
Իտալիոյ վարչապետ Ռոմանօ Փրոտի ըսաւ, թէ պատկան մարմիններ քննութիւն բացած են բացայայտելու արկածին պատճառը։ Ան ընդգծեց, որ առայժմ յստակ չէ, թէ արկածին պատճառը մարդկային սխա՞լ է, կամ՝ սարքի մը խանգարումը։