ԵՐԵՒԱՆ, ՀՀ ԱԳՆ Մամլոյ Գրասենեակ.- Նոյեմբեր 14ին Պրիւքսէլի մէջ կազմակերպուած Հայաստան-Եւրոպական միութիւն գործակցութեան խորհուրդի 7րդ լիագումար նիստի ընթացքին հաստատուեցաւ եւ ուժի մէջ մտաւ Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան (ԵՀՔ) ծիրէն ներս Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան Գործողութիւններու ծրագիրը:
Հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր գործակցութեան խորհուրդի հայաստանեան համանախագահ, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեան: Եւրոպական կողմէ նիստին մասնակցեցան Եւրոմիութեան նախագահութեան ներկայացուցիչներ՝ ԵՄ նախագահող, Ֆինլանտայի արտաքին առեւտուրի եւ զարգացման նախարար Փաուլա Լեհթոմաքի, Գերմանիոյ պետական նախարար Կիւնթըր Քլոսըր, հարաւային Կովկասի մէջ ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Փիթըր Սեմնեպի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:
Նիստի բացումը կատարեց Փ. Լեհթոմաքի, որուն յաջորդեց Վ. Օսկանեանի ներածական խօսքը: ԵՄ ներկայացուցիչը բարձր գնահատական տուաւ Հայաստանի եւ ԵՄի միասնաբար մշակած գործողութիւններու ծրագիրին՝ հաւաստիացնելով փաստաթուղթի տրամադրութիւնները գործի վերածելու ԵՄի պատրաստակամութիւնը:
Այնուհետեւ անդրադարձ կատարուեցաւ խորհուրդի օրակարգին: Քննուեցան քաղաքական հարցեր, ներառեալ՝ ներքին բարեփոխումները, մարդու իրաւունքներուն առնչուող հարցեր: Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում ուժանիւթի խնդիրներուն շուրջ: Հայկական կողմը ներկայացուց Հայաստանի մէջ ուժանիւթի աղբիւրները այլազան դարձնելու ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքները, մասնաւորապէս՝ Իրան-Հայաստան կազի խողովակաշարի կառուցման ընթացքը:
Նիստէն յետոյ տեղի ունեցաւ ծրագիրի պաշտօնական ընդունման արարողութիւնը, որու ընթացքին Վ. Օսկանեան եւ Պ. Լեհթոմաքի ստորագրեցին համապատասխան փաստաթուղթ:
Գործողութիւններու ծրագիրի իրագործման գործընթացը կը նախատեսէ գործակցութենէն աւելի բարձր մակարդակի համարկման հնարաւորութիւն, ներառեալ՝ ԵՄ ներքին շուկային մէջ եւ առանցքային ուղղութիւններով ԵՄ քաղաքականութեան եւ ծրագիրներուն Հայաստանի մասնակցութեան հնարաւորութիւնը: Այս ծրագիրով, Հայաստանին կ’առաջարկուի քաղաքական, ապահովական, տնտեսական եւ մշակութային յարաբերութիւններ հաստատել ԵՄի հետ:
Այս փաստաթուղթով, հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի եւրոպական կողմի աջակցութեամբ իրականացնել բարեփոխումներու ամբողջական փաթեթ մը, մինչեւ աւելի բարձր կարգավիճակ ունեցող համաձայնագիրի կնքում:
Գործողութիւններու ծրագիրով յատուկ նշանակութիւն կը տրուի Հայաստանի եւ ԵՄի տնտեսական գործակցութեան՝ ԵՄի կողմէ յաւելեալ ֆինանսական աջակցութեան, առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւններու խորացման, տնտեսական օրէնսդրութեան ներդաշնակեցման՝ առեւտրական ոչ սակագնային արգելքներու շարունակական կրճատման միջոցով, ինչ որ կը նպաստէ ներդրումներու, արտածումի եւ առհասարակ տնտեսութեան աճին:
ՕՍԿԱՆԵԱՆ-ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Նոյն օրը, Պրիւքսէլի մէջ, ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ Վարդան Օսկանեանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը:
Շինիչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններու ընթացքին շարունակուեցան Հոկտեմբեր 6ին Մոսկուայի եւ Հոկտեմբեր 24ին Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումներու ընթացքին համանախագահներուն կողմէ առաջարկուած նոր գաղափարներու եւ միտքերու մանրամասն քննարկումները:
Բանակցութիւններու արդիւնքով, որոնց ընթացքին փորձ կատարուեցաւ մօտեցնել կողմերու դիրքորոշումները, համանախագահներուն կողմէ առաջարկուեցաւ քննել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման նպատակայարմարութիւնը: Այս նպատակով Նոյեմբեր 21ին համանախագահները պիտի ժամանեն Երեւան:
Նշենք, որ նախորդ օրը Վարդան Օսկանեան, Է. Մամէտեարով եւ Վրաստանի պետական նախարար Գ. Պարամիծէ հանդիպում ունեցան Եւրոմիութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ: ԵՄը կը ներկայացնէին Ֆինլանտայի արտաքին գործոց նախարար Էրքի Թուոմիոեա, ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն ներկայացուցիչ Հաւիէ Սոլանա, Եւրոպական յանձնաժողովի արտաքին կապերու յանձնակատար Պենիթա Ֆերերօ-Ուալտնըր եւ այլ պաշտօնատարներ:
Հանդիպման ընթացքին քննուեցաւ տարածաշրջանային հարցերու լայն ծիր: Տեղի ունեցաւ քննարկում Աբխազիոյ, Հարաւային Օսէթիոյ, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւններու հարցերուն շուրջ: Այնուհետեւ արծարծուեցան Եւրոպական հարեւանութեան քաղաքականութեան շրջանակներով տարածաշրջանային գործակցութեան հնարաւորութիւնները: