Երիտասարդութիւնը համեմատաբար երկար պահելու գաղտնիքը առաջին հերթին կը կայանայ առողջ հոգիի ու լուսաւոր մտքի մէջ: Անոր կողքին կան նաեւ ֆիզիքական ազդակները եւ ժամանակի թաւալումին պատճառով ծերացող մեր մորթը ու բնականաբար՝ դէմքը:
Առաջինին պարագային անիկա երկար ու ամէնօրեայ կատարուելիք աշխատանք մըն է, որուն պտուղը քաղելը բաւական հաճելի է: Ամէն օր մեր էութեան եւ հոգիին գոյութեան անդրադառնալով ու զայն փայփայելով, նաեւ մեր միտքը արթուն պահելով, մեծապէս կը նպաստենք մեր առողջական վիճակին եւ հետեւաբար՝ մեր երիտասարդ տեսքին: Երկրորդի պարագային գիտութիւնը իր ամէնօրեայ յայտնաբերումներով շատ նորութիւններ ունի: Այնպիսի արտադրութիւններ լեցուած են վաճառատուները, որոնք իրենց խոստացած արդիւնքներով ոչ միայն կը մրցին, այլ կը շշմեցնեն անհամբեր սպասող բոլորը գնորդները:
Ի՞նչ են ծերացումի նշանները:
Թարթիչներ ու յօնքեր: Յօնքերն ու թարթիչներ բաւական զգայուն մազերու խումբ մը կը կազմեն: Անոնք ժամանակի ընթացքին յաճախ քաշուելով, գերլարուածութեան հորմոններու արտադրութեամբ եւ տարիքի յառաջացումին պատճառով կը թեթեւնան ու գրեթէ կը չքանան: Դարմանելու համար կրնաք օգտագործել յատուկ նիւթեր, որոնք որպէս պարարտացուցիչ կը ծառայեն այդ մազերուն, լաւագոյն եւ յարմարագոյն միջոցները ապահովելու համար յօնքերուն եւ թարթիչներուն, որպէսզի աճին ու զօրանան: Այս նիւթերը իրենց մէջ կը պարունակեն ամինօ թթուներ, հանքային աղեր եւ կենսանիւթեր:
Ակռաները: Ակռաները, որոնք մարմինի ամէնէն ուժեղ մասնիկները կը համարուին, տակաւին կ’ազդուին, երբ տարիքի յառաջացումը տեղի կ’ունենայ: Անոնք չորս տեսակ ազդեցութիւն կը կրեն.
Ա.- Իւրաքանչիւր տասնամեակ մեր ակռաները 5 երանգ աւելի մութ կը դառնան, սկսած 20 տարիքէն:
Բ.- Շատ եւ երկար տարիներ ծամելով, մեր ակռաներ արդէն իրենց սուր ծայրերուն փոխարէն աւելի կլոր եւ բութ ծայրեր կ’ունենան:
Գ.- Անոնք կը շարունակեն շատ դանդաղ իրենց հոսքը, հետեւաբար կրնան խճողուիլ կամ բոլորովին ցանցառ դառնալ:
Դ.- Տարիքի յառաջացումով արդէն ակռային հիմնական նիւթը կը նօսրանայ, հետեւաբար անոնք կը դառնան դիւրաբեկ:
Ինչպէ՞ս դարմանել կացութիւնը:
Գոյնի պարագային կրնաք տան մէջ իսկ օգտագործել ակռայ ճերմկցնող դեղեր, 10-15 օրեր տեւողութեամբ եւ բաւական լաւ արդիւնք ստանալ: Ակռաներու դիրքին, ձեւին ու կառոյցին համար կրնաք մասնագէտ ատամնաբոյժի մը կարծիքը հարցնել ու ըստ այնմ որոշ լուծումներու սկսիլ:
Վիզը: Շատ յաճախ կանայք իրենց մորթը խնամած ատեն կը մոռնան վիզը: Նոյնիսկ արեւու վտանգաւոր ճառագայթները խափանող գեղարարներու գործածութիւնը ամէնէն աւելի կարեւոր է վիզին համար: Ուշադրութիւն դարձուցէք կատարուող փոփոխութիւններուն եւ անմիջապէս լուծումի մասին մտածեցէք: Վիզին մորթը մաքուր պահելու լաւագոյն ձեւը ամէն օր արեւու վնասակար ճառագայթները կասեցնող գեղարարներ օգտագործելն է:
Եղունգներ: Ժամանակը եւ տարիքը եղունգներուն ալ փոխանցելիք ունի: Տարիքը յառաջացած անձը ինքնաբերաբար պիտի երեւի նաեւ իր եղունգներէն: Մեթապոլիզմի դանդաղեցումին պատճառով մատներուն տակը աւելի կը դեղնի ու եղունգներուն վիճակը աւելիով տկար կ’ըլլայ: Անոնք թէ՛ շուտ կը կոտրուին եւ թէ ուշ կ’աճին: Ուրեմն, ինչպէս մարմնի բոլոր անդամներուն առողջութեան համար մարզասրահ յաճախելը անհրաժեշտ է, այնպէս ալ եղունգներուն համար չափազանց կարեւոր է այդ մէկը: Մարզանքը կ’աշխուժացնէ մեթապոլիզմը եւ հետեւաբար մեթապոլիզմի աշխուժացումով եղունգները աւելի կայտառ ու նախանձելի վեճակի մէջ կը գտնուին: Նաեւ կարելի է մատներու մարձումի միջոցաւ լաւ ու կարեւոր արդիւնքներ ձեռք բերել: Մարձումը կը նպաստէ անոնց աճին: Գիշերներն ալ անկողին մտնելէն առաջ իւղոտ գեղարարով մը ծեփեցէք ձեր մատները:
Ձեռքերը: Կ’ըսուի, թէ կնոջ տարիքը մատնող ամէնէն ճշմարտախօս մասնիկն են ձեռքերը: Անոնք ամէնէ առաջ ի յայտ կը բերեն տարիքը, որովհետեւ մորթը ամէնէն բարակն է հոն եւ ժամանակի ընթացքին անիկա աւելիով կը բարակնայ, երբ իւղի բջիջներ կը սպառին: Այն ատեն ձեռքին վրայ կ’երեւին երակները եւ մինչեւ անգամ ոսկորները: Կանխարգիլելու համար ձեռքերուն ծերացումը, անպայման պէտք է գործածել արեւու վնասակար ճառագայթները խափանող գեղարարներ:
Այսքանը գեղեցկութեան մասին: Յատկապէս այս օրերուն, երբ սիրոյ տօնը մօտեցած է, ամէն մարդ կը մտածէ, թէ ինչպէս պէտք է աւելիով գեղեցկանայ ու կրկին ապրի թարմ ու երիտասարդ զգացումներ:
ԻՄԱՍՏՈՒՆ ԽՕՍՔԵՐ
Մարդ մը կը պարծենար Արիստոտելի առջեւ՝ «Ես շատ գիրք կը կարդամ», ըսելով: Իմաստասէրը կ’ըսէ. «Ոչ թէ շատ ուտողներն են միշտ առողջ, այլ մարսողները»:
Եթէ սատանան սիրելու կարող ըլլար, չար ըլլալէ կը դադրէր:
Ֆէլլի
Չորս տեսակի անձերէ հեռու մնացի՛ր.
Այն անձերէն, որոնք իրենց թերութիւնները չեն տեսներ եւ ուրիշը կը բամբասեն:
Այն անձերէն, որոնք բարիին չարով կը պատասխանեն:
Այն անձերէն, որոնք չեն վստահիր իրենց ընկերոջ:
Այն անձերէն, որոնք ստախօս են ու մատնիչ: