ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 13ին, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան նոր մարտահրաւէր մը ուղղեց հանրապետութեան նախագահ Ահմատ Նէճտէթ Սէզէրին, շարունակելով լարուած պահել նախագահ-կառավարութիւն յարաբերութիւնները:
Այս անգամ հարցը ծագում առաւ կանխահաս ընտրութեան մասին նախագահին կատարած առաջարկին պատճառով: Արդարեւ, ազգայնամոլներու Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլէթ Պահչէլիի հետ հանդիպումի մը ընթացքին, նախագահը եւ իր հիւրը խօսած են մօտալուտ նախագահական ընտրութեան մասին եւ այդ կապակցութեամբ Սէզէր ըսած է. «Երկրի այսօրուան ծանր պայմանները այլեւս անհրաժեշտ կը դարձնեն, որ կառավարութիւնը կանխահաս ընտրութեանց դիմէ ու նոր խորհրդարան մը կազմուի նախագահական ընտրութենէն առաջ։ Նոր խորհրդարանն է, որ պէտք է կատարէ նախագահական ընտրութիւնը»։
Էրտողան իր կուսակցութեան երեսփոխանական խմբակի ժողովին ընթացքին, պոռթկաց անօրինակ զայրոյթով: Ան հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կանխահաս ընտրութիւն պէտք է դիմել, երբ «շատ յարգելի խորհրդարան մը կայ», որ նաեւ նախագահական ընտրութիւնը պիտի կատարէ, երբ անոր ժամանակը հասնի։
«Ո՞ւր է. դուք հաւատարիմ էիք սահմանադրութեան։ Ի՞նչ պատահեցաւ հիմա, որ դուք ձեր այդ հաւատարմութիւնը ոտնակո՞խ ընել կ՚ուզէք։ Ո՞ւր է. դուք յարգանք ունէիք խորհրդարանին ու խորհրդարանային ժողովրդավար կարգավիճակին նկատմամբ։ Երբ ժամանակը հասնի, այս խորհրդարանը պիտի ընտրէ հանրապետութեան նոր նախագահը։ Այս հարցի մէջ ո՛չ մէկը թող մեզմէ սպասէ սահմանադրութեան տրամադրութիւններէն տարբեր տրամադրութիւն մը։ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն վերջ մենք օրինաւոր պայմաններու մէջ կը կատարենք երեսփոխանական ընտրութիւնները», ըսաւ Էրտողան:
Բանավէճին հիմնական պատճառը Թուրքիոյ կարգ մը քաղաքական շրջանակներուն այն մտահոգութիւնն է, որ իսլամական արմատներ ունեցող Էրտողանի Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը պիտի ընտրէ իրեն համախոհ նախագահ մը, ինչ որ խոտոր կը համեմատի երկրին աշխարհիկ սկզբունքներուն: