ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք, Տրապիզոնէն վերջերս սպառնալիքներ կատարուած են նաեւ Պոլսոյ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանին, այլախոհ վիպագիր Օրհան Փամուքին ու «Ակօս»ի նոր խմբագիր Էթիէն Մահճուպեանի հասցէներուն։
Հինգշաբթի, Փետրուար 8ին թրքական թերթեր արձագանգեցին այս սպառնալիքներու առնչութեամբ պատրիարքին ըրած յայտարարութեանց։
Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով, պատրիարքը յայտարարած է, որ իր համակարգիչին վրայ քննութիւններ ընել արտօնած է Պոլսոյ Համացանցային յանցագործութիւններու բաժնի մասնագէտներուն ու ստուգել տուած է, որ Տինքի ղրկուած սպառնական նամակներն ու իրեն ղրկուած սպառնական նամակը համացանցային նոյն հասցէէն ղրկուած են։
«Թերթերու մէջ կարդացի, որ Օրհան Փամուք, Էթիէն Մահճուպեան եւ ես իբր նոր թիրախներ ցոյց տրուած ենք», ըսած է պատրիարքը:
Երբ հարցուած է, թէ պաշտպանութեան միջոցներ ձեռք առնուա՞ծ են, պատրիրարքը պատասխանած է, որ Տրապիզոնի քահանային սպանութենէն ետք արդէն այլ հոգեւոր առաջնորդներու կարգին իրեն համար եւս պաշտպան ոստիկան մը նշանակուած է։