ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Այս տարի Գիւմրիի «Շիրակ» օդանակայանին մէջ նախատեսուող աշխատանքներուն արդիւնքով, օդակայանին պիտի տրուի առաջին կարգի որակաւորում:
Ըստ քաղաքացիական օդափոխադրումներու գլխաւոր վարչութեան տեղեկատուութեան, տարբեր աղբիւրներէ ֆինանսաւորման միջոցով «Շիրակ» օդակայանի վերանորոգութեան համար պիտի տրամադրուի մօտ 4 միլիոն տոլար: Անցեալ տարի կառավարութիւնը իր պահեստի ֆոնտէն արդէն յատկացուցած է 67.5 միլիոն դրամ (մօտ 184 հազար տոլար) օդակայանի հիմնովին նորոգման աշխատանքներու նախագծային փաստաթուղթերու մշակման համար:
Նշենք, որ «Շիրակ»ի զարգացման ծրագիրով, զոր մշակուած է երկու տարի առաջ, ներառուած են վազքուղիի հիմնովին նորոգման, լուսաազդանշանային համակարգի, նոր սարքաւորումներու տեղադրման աշխատանքները:
1961էն ի վեր գործող «Շիրակ»ը կրնայ սպասարկել ԹՈՒ-154, ԻԼ-76 եւ նման կարգի օդանաւներու: Այժմ օդանակայանէն կանոնաւոր թռիչքներ կը կատարուին դէպի Մոսկուա, Ռոստով եւ Սոչի: