ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Գեղարքունիքի մարզի 5 քաղաքներուն եւ մեծ գիւղերուն մէջ, Հոկտեմբեր 18ին պիտի սկսի տիկնիկային թատրոններու 2րդ փառատօնը:
Այս մասին Հոկտեմբեր 17ի յայտնեց մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու փոխնախարար Կարինէ Խոդիկեան եւ նշեց, որ եռօրեայ փառատօնին պիտի մասնակցին Երեւանի, Արցախի եւ Չաւախքի 18 թատերական խումբեր:
Փոխնախարարը նշեց, որ այս փառատօնը ամէնամեայ է եւ նպատակն է խթանել տիկնիկային թատրոններու զարգացումը եւ յայտնեց նաեւ, որ փառատօնի օրերուն յատուկ դասեր պիտի կազմակերպուին «Ագուլիս» եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տինիկային թատրոններու գեղարուեստական ղեկավարներ Երուանդ Մանարեանի եւ Ռուբէն Բաբայեանի կողմէ: