ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Նարցիս» հանդէսը հիմնուած է մէկ տարի առաջ եւ նպատակ ունի իր էջերով լոյս ընծայել արդի եւ դասական հայ, արտասահմանեան լաւագոյն գրողներու, ինչպէս նաեւ երիտասարդ ստեղծագործողներու աշխատանքները: Յունուար 15ին հանդէսի միամեակի առթիւ կազմակերպուած գրական մրցոյթի ժամանակ այս մասին յայտնեց հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Շանթ Մկրտչեան եւ նշեց, որ մէկ տարուան ընթացքին հրատարակուած վեց թիւերուն մէջ տպագրուած են տարբեր սեռերու ստեղծագործութիւններ:
«Լաւագոյն բանաստեղծական շարք» անուանակարգով մրցանակը շնորհուեցաւ Ռազմիկ Դաւոյեանին եւ Արմէն Մարտիրոսեանին, «Լաւագոյն պատմուածք» մրցանակը տրուեցաւ Լեւոն Խեչոյեանին՝ իր «Շաբաթ-Կիրակի» եւ «Այգի» պատմուածքներուն համար: Թարգմանութեան բնագաւառին մէջ լաւագոյն յայտարարուեցան յայտնի արաբագէտ Ռուզան Մանուկեանի՝ արաբերէնէն հայերէն չափածոյ եւ արձակ գործերու թարգմանութիւնները, իսկ հրապարակախօսութեան մէջ մրցանակը նուաճեց Դանիէլ Երաժիշտը: Բոլոր մրցանակակիրներուն տրուեցաւ 500 տոլարին համարժէք գումար:
Մրցանակաբաշխութեան դատական կազմին մէջ ընդգրկուած էին «Նորք» ամսագիրի գլխաւոր խմբագիր Ֆելիքս Մելոյեան, «Տէ ֆաքթօ» ամսագիրի խմբագիր Մերուժան Տէր Գուլանեան, հրապարակախօս Յակոբ Մարտունին, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր Դաւիթ Գասպարեան, իսկ նախագահը «Նարցիս»ի գլխաւոր խմբագիր Վահան Վարդանեանն էր: