ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պետական ամավարկէն հասարակական երկխօսութեան եւ զարգացման կեդրոնի աջակցութեամբ, «Վերելք» հասարակական կազմակերպութեան յատկացուած 1.8 միլիոն դրամ դրամաշնորհով իրականացուած է «Առողջ ընտանիք առանց ծխախոտի» ծրագիրը:
Փետրուար 7ին ներակայացնելով շուրջ 8 ամիս տեւած ծրագիրի արդիւնքները՝ ՀԿ նախագահ Ելենա Յակոբեան նշեց, որ ծրագիրի նպատակն էր բարձրացնել ընտանեկան բժիշկներու եւ դպրոցներու ուսուցիչներու գիտելիքները առողջ ապրելակերպի, մասնաւորապէս՝ ծխամոլութեան վնասակար ազդեցութեան մասին: Այս նպատակով կազմակերպուած են դասընթացքներ, որոնց մասնակցած են 200 ընտանեկան բժիշկ եւ 300է աւելի մանկավարժ, ուր անոնց ներկայացուած են նաեւ ծխախոտի գնումի, սպառումի եւ սահմանափակումներու մասին օրէնքի մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ դպրոցներուն մէջ 12-13 տարեկան 600 աշակերտներու հարցախոյզի արդիւնքով պարզուած է, որ անոնցմէ 180ը կը ծխէ: