ՄԱԿ, «Ռոյթըրզ».- ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղար Քոֆի Աննան Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 13ին յայտարարեց, որ իսլամական եւ արեւմտեան ընկերութիւններուն միջեւ վայրագութեանց մագլցումը սանձելու որեւէ ճիգ պէտք է ընդգրկէ արաբ-իսրայէլեան տագնապի լուծման հեռանկար մը:
Աննան ստացաւ մասնագէտներու յանձնախումբի մը՝ իսլամներու եւ Արեւմուտքի միջեւ թիւրիմացութիւններն ու բախումները մեղմացնելու մասին տեղեկագիրը: Տեղեկագիրին մէջ մասնագէտները ի միջի այլոց կը յանձնարարեն ճիգ չխնայել իսրայէլացիներուն եւ պաղեստինցիներուն շնորհելու «երկու ամբողջովին գերիշխան եւ անկախ պետութիւններ, որոնք խաղաղ եւ ապահով մթնոլորտի մէջ կը գոյակցին կողքի կողքի»:
Աննան ըսաւ, թէ ոմանք արաբ-իսրայէլեան տագնապը կ՚ուզեն դիտել իբրեւ բազմաթիւ շրջանային տագնապներէն մէկը, բայց իրականութիւնը այդպէս չէ:
Ան բացատրեց. «Չկայ այլ տագնապ մը, որ իր մարտադաշտէն շատ հեռու ապրող մարդոց համար այսքան մեծ խորհրդանշական եւ զգացական նշանակութիւն ունի»:
«Այնքան ատեն, որ պաղեստինցիք բռնագրաւումի տակ կ՚ապրին եւ ամէն օր կ՚ենթարկուին իրաւազրկումի եւ նուաստացումի, այնքան ատեն, որ իսրայէլացիք կ՚ապրին հանրակառքերու եւ պարասրահներու ականահարումի սարսափին տակ, ապա աշխարհի չորս դին կիրքերը պիտի շարունակեն բորբոքիլ», ըսաւ Աննան: